Եւրոպայի խորհուրդի տեղական եւ տարածքային իշխանութիւններու քոնկրէսի պատուիրակութիւնը ճանաչողական այց պիտի կատարէ Երեւան եւ Մասիսի քաղաքապետարան՝ հետամուտ ըլլալու «Մարդասիրական իրավիճակը Ղարաբաղի եւ յարակից քաղաքներու ու շրջաններու մէջ» յայտարարութեան: «Արմէնփրէս»-ի փոխանցումին համաձայն, այս մասին կը տեղեկացնեն Տեղական եւ Տարածքային Իշխանութիւններու Քոնկրէսի պատուիրակութենէն:
Պատուիրակութեան կազմին մէջ են զեկուցողներ Պերնթ Ուիորինկըր Գերմանիայէն եւ Պրիոնի Ռութքին Միացեալ Թագաւորութենէն:
Զեկուցողները քննարկումներ պիտի ունենան Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեանի ու աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեանի հետ։ Պատուիրակութիւնը պիտի հանդիպի նաեւ Արտաշատ, Երեւան, Գորիս եւ Հրազդան համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ։
Նախատեսուած է նաեւ պատուիրակութեան հանդիպում ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին եւ Հայկական Կարմիր Խաչի ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Քոնկրէսի պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ նաեւ Մասիս համայնք՝ հանդիպելու ընտրուած տեղական ներկայացուցիչներուն հետ։