ԱՄՆ Քոնկրէսի զոյգ պալատներու վաթսուն ներկայացուցիչներ, ծերակուտական Ալեքս Փաթիլլայի եւ ՆՓ անդամ Աննա Էշույի նախաձեռնութեամբ, դիմած են ե՛ւ ծերակոյտին, ե՛ւ ներկայացուցիչներու պալատի ղեկավարներուն՝ կոչ ուղղելով ԱՄՆ-ի արտաքին զինուորական տնտեսական օժանդակութեան շարժումով 10 միլիոն ԱՄՆ տոլարի չափով անվտանգային աջակցութիւն տրամադրել Հայաստանին, իսկ ցեղասպանութիւն վերապրած արցախահայութեան՝ յաւելեալ մարդասիրական օժանդակութիւն։ Սոյն առաջարկը կատարուած է եկող շաբաթ ԱՄՆ Քոնկրէսին մէջ նախատեսուող ԱՄՆ ազգային անվտանգութեան յաւելեալ ֆինանսաւորման օրէնսդրական նախագիծի քննարկումին ընդառաջ։ Սոյն նախաձեռնութիւնը մեծապէս յառաջ մղուած է Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի աշխատանքներուն հետեւանքով, որոնց ընթացքին յանձնախումբը իրականացուցած էր համայնքային լայն ուշադրութիւն։
Քոնկրէսականի գրութեան մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ ատրպէյճանական հերթական սադրանքներուն, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ հերթական յարձակումի վտանգին. «Մենք յատկապէս մտահոգուած ենք, որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ իր յարձակումը՝ ներխուժելով Հայաստանի ինքնիշխան տարածք։ Չարագուշակօրէն, Ալիեւ վերջերս հարաւային Հայաստանը անուանեց «արեւմտեան Ատրպէյճան» եւ կոչ ուղղեց «ազատագրել» ութ հայկական գիւղերը Ատրպէյճանի սահմանի երկայնքով։ Կովկասի համար այս շրջադարձային փուլին, անհրաժեշտ է, որ ԱՄՆ ղեկավարութիւնը զսպէ Ատրպէյճանի հետագայ յարձակումը եւ հայերուն հնարաւորութիւն ընձեռնէ պաշտպանելու իրենց ժողովրդավարութիւնը»:
Մեկնաբանելով երկկուսակցական գրութիւնը՝ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Արամ Համբարեան նկատած է. «Մենք շնորհակալ ենք ներկայացուցիչ Էշույին եւ ծերակուտական Փաթիլային՝ նախագահ Պայտընին ուղղուած այս կոչին համար, որ ներդրում է Հայաստանի անվտանգութեան գործին եւ իմաստալից աջակցութիւն Արցախի տեղահանուածներուն։ Նախագահ Պայտընի՝ հայկական հարցերու վերաբերեալ սխալ կողմ դիրաքաւորելու պայմաններուն, երբ կը զինէր Ատրպէյճանը եւ կը լքէր Արցախը, Քոնկրէսը կ’աշխուժանայ՝ առաջնորդելով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէն Հայաստանի գոյատեւման ուղղուած սպառնալիքներուն ամերիկեան պատասխանը»:
Գրութեան նախաձեռնողներէն ծերակուտական Ալեքս Փաթիլան յայտարարած է. «Լաչինի միջանցքի՝ ամիսներ տեւած շրջափակումէն վերջ Ատրպէյճանի դաժան, անհիմն զինուորական յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի վրայ ստեղծած է սարսափելի մարդասիրական ճգնաժամ՝ ստիպելով աւելի քան 100.000 ցեղային հայերուն լքել իրենց տուները։ ԱՄՆ-ն պէտք է քայլեր ձեռնարկէ այս արտակարգ դրութիւնը լուծելու համար: Ես Քոնկրէսի ղեկավարութեան վճռականօրէն կոչ կ’ուղղեմ՝ արտաքին օգնութեան փաթեթին մէջ ներառել Հայաստանին անվտանգային եւ մարդասիրական աջակցութիւնը»:
Իր կարգին Ան Էշու նկատած է. «Ես հպարտ եմ, որ կը համագործակցիմ ծերակուտական Փաթիլլայի հետ՝ առաջնորդելու Հայաստանին օգնութիւն տրամադրելուն ուղղուած այս երկկուսակցական ջանքերը: Հայաստանին շտապ անհրաժեշտ է ԱՄՆ օժանդակութիւնը՝ Ատրպէյճանի յարձակումին դէմ իր ժողովրդավարութիւնը պաշտպանելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի ցեղային զտումներուն հետևանքով յառաջացած մարդասիրական ճգնաժամը մեղմելու համար»։
Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը կը շարունակէ ամենօրեայ ջանքերը իր ներկայ քաղաքական առաջնահերթութիւններով՝ մասնաւորապէս Ատրպէյճանը ամերիկեան զինուորական օժանդակութենէն զրկելու, Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան պատասխանատուութեան ենթարկելու, Հայաստանին տրամադրուող ամերիկեան անվտանգային եւ մարդասիրական օժանդակութեան յաւելումը ապահովելու։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
05.12.2023թ.