TRT haber-ի համաձայն, 29 Նոյեմբերին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստի աւարտին հրապարակուած է գրաւոր յայտարարութիւն, ուր անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Ատրպէյճան գործընթացին։
«Գնահատուած են Ատրպէյճան-Հայաստան բանակցութիւններու՝ մնայուն խաղաղութեան պայմանագիրով հանգուցալուծման եւ այդ առումով Հայաստանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցեր, հարցին միջամտելու արտատարածաշրջանային դերակատարներու ջանքեր։
Նշուած է, որ Անգարա «պիտի աջակցի ամէն տեսակ անկեղծ ջանքի՝ յանուն մնայուն խաղաղութեան հաստատման, որ իր կարգին պիտի նպաստէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու՝ այդ կարգին Հայաստանի անդորրին ու բարօրութեան»։
Յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կայ նաեւ ռուս-ուքրանական պատերազմին։ Կը յիշուի, որ Թուրքիա կը շարունակէ իրականացնել քայլեր, որոնք կը նպաստեն զինուորական գործողութիւններու դադրեցման եւ բանակցութիւններու վերսկսման։