Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած «3+3» ձեւաչափով հանդիպումին հետեւանքով Հայաստանի, Իրանի, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները ընդունած են 9 կէտէ բաղկացած միատեղ յայտարարութիւն։
Այս մասին կը տեղեկանանք Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն։
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է․
1․ Նկատի առնելով երկիրներու միջեւ փոխադարձ շահերու եւ բարիդրացիութեան վրայ հիմնուած բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը՝ ընդգծուած է վէճերու խաղաղ կարգաւորման, ինքնիշխանութեան, քաղաքական անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան, միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անխախտելիութեան, անձեռնմխելիութեան եւ ներքին գործերուն չմիջամտելու, սպառնալիքներու կամ ուժի կիրառման արգելքի կարեւորութիւնը եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան բոլոր սկզբունքներուն հիման վրայ մարդու իրաւունքները յարգելու կարևորութիւնը։
2․ Միջազգային տարբեր հարցերու մասին իրենց տեսակէտները արտայայտելով՝ քննարկուած են տարածաշրջանի աւելի կարեւոր հարցերը եւ ընդգծուած է այնպիսի հարթակների կարեւորութիւնը, ինչպիսին է «3+3» Խորհրդակցական տարածաշրջանային հարթակը տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ կառուցողական երկխօսութեան եւ փոխշահաւէտ գործակցութեան հաստատման կարելիութիւններ ընձեռելու համար:
3․ Ընդգծուած է տնտեսական գործակցութեան դրական ազդեցութիւնը փոխվստահութեան, ժողովուրդներու բարեկեցութեան եւ տարածաշրջանի կայունութեան ամրապնդումին վրայ։
4․ Կարեւոր համարուած է մշակութային գործակցութիւնը, մարդոց միջեւ շփումները եւ միատեղ ծրագիրները կրթութեան, գիտութեան, զբոսաշրջութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան ոլորտներու մէջ:
5․ Տարածաշրջանի կայուն խաղաղութեան եւ տնտեսական զարգացման ամրապնդման նպատակով կողմերը պիտի ամրապնդեն երկկողմ եւ բազմակողմ խորհրդակցութիւններն ու փոխգործակցութիւնը:
6․ Նախարարները ողջունած են տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ զարգացման շարունակական գործընթացները:
7․ Դրական գնահատելով հանդիպումին արդիւնքները՝ նախարարները հաստատած են Վրաստանի իրաւահաւասար մասնակցութեան համար հարթակին բաց ըլլալը։
8․ Նախարարները նաեւ միտքեր փոխանակած են Կազայի հատուածին մէջ տիրող իրավիճակին շուրջ եւ ընդգծած են անմեղ քաղաքացիական անձերուն վրայ յարձակումները անհապաղ դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը։
9․ Հայաստանի Հանրապետութեան, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան, Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարները շնորհակալութիւն յայտնած են Իրանի արտաքին գործոց նախարարին ընդունելութեան եւ այս հանդիպումին բարեյաջող ըլլալուն համար»:
Նշուած է, որ նախարարները համաձայնած են «3+3» ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը կատարել Թուրքիոյ մէջ։ Հանդիպումին օրը պիտի համակարգուի դիւանագիտական ուղիներով։