Կազզայի տեղեկատուական գրասենեակը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ շեշտեց, որ Իսրայէլ դիտումնաւոր ձեւով թիրախ կը դարձնէ քաղաքացիները, իսկ զինք քաջալերողը միջազգային հանրութեան լռութիւնն է։
Հաղորդագրութեան մէջ յիշուեցաւ նաեւ. «Կազզայի դէմ իսրայէլեան գրոհին առաջին օրուընէ իսկ Իսրայէլ ցեղասպանութիւն կը գործէ Պաղեստինի ժողովուրդին դէմ, որուն հետեւանքով 23. 000 նահատակ եւ վիրաւոր արձանագրուած է առայժմ։
Իսրայէլի մղած ցեղասպանութիւնը կ’իրագործուի ամբողջ աշխարհին աչքերուն առջեւ։ Այսօր 18-րդ օրն ըլլալով Կազզայի դէմ իսրայէլեան գրոհը կը շարունակուի եւ ձախողութեան կը մատնուին բոլոր դատապարտումները եւ յարձակումներուն դադրեցումը պահանջող կոչերը, ինչ որ կը փաստէ, որ մարդկային իրաւունքներու միջազգային օրինականութիւնը, միջազգային մարդասիրական օրէնքներն ու այլ օրէնքներ եւ պայմանագրեր գոյութիւն չունին, այնքան ատեն, որ Պաղեստինի ժողովուրդը օրական ցեղասպանութեան կ’ենթարկուի։