«Արմէնփրէս».-Պաքուի Սապայիլի շրջանային դատարանը քննած է Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի գործերով Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան ներկայացուցած շինծու մեղադրանքները եւ անոնց նկատմամբ խափանումի միջոց ընտրած է կալանքը՝ 4 ամիս ժամկէտով։
Նշուած է, որ երեքն ալ ձերբակալուած են Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու կողմէ եւ տեղափոխուած են Պաքու։ Անոնց մեղադրանք առաջադրուած է Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքի տարբեր յօդուածներով: Այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։