ՀՅԴ Բիւրօն խստօրէն դատապարատում է Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի նախկին եւ ներկայ պետական այրերի ձերբակալութիւնը, որոնց մէջ է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանը։

21-րդ դարուն ամբողջ մարդկութեան, մեծապետական երկիրներու եւ միջազգային այսպէս կոչուած մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններու աչքին առջեւ, Արցախի մէջ տեղի կ՚ունենաձ ցեղասպանութիւն եւ կը հայրենազրկուի ողջ ժողովուրդ մը։

Դաւադիր պայմանաւորւածութիւններու եւ լուռ համաձայնութիւններու պայմաններուն մէջ Ատրպէյճանի յանցաւոր վարչախումբը կը փորձէ Արցախի Հանրապետութեան կազմալուծման եւ արցախահայութեան հայրենազրկման գործընթացը անշրջելի դարձնել։ Այս շրջագիծին մէջ Արցախի գործող եւ նախկին քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութեան շարք մը ներկայացուցիչներու գերեվարումը եւ կեղծ մեղադրանքներով կալանաւորումը հերթական աղաղակող ապօրինութիւն է եւ հեռակայ նպատակներ ունի։

Այս հարցը ոչ միայն քաղաքական, այլեւ ազգային նշանակութիւն ունեցող, արժանապատուութեան հարց է։ Իրաւական գործիքակազմերը կարեւոր, բայց բաւարար չեն գերեվարուած գործիչների ազատ արձակման համար։

Առաջին հերթին Հայաստանի Հանրապետութեան պատկան մարմինները, բայց նաեւ ամբողջ աշխարհի ազդեցիկ հայկական շրջանակները պէտք է գործադրեն քաղաքական եւ դիւանագիտական բոլոր հնարաւորութիւնները՝ Ատրպէյճանի վրայ ճնշում բանեցնելու համար։

Ալիեւեան վարչակարգի յանցաւոր գործունէութիւնը, ուժի եւ ուժի կիրառման սպառնալիքով ցեղային զտումներու ցեղասպանական քաղաքականութիւնը չի կրնար եւ պէտք չէ անհետեւանք ու անպատիժ մնայ։

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ
4 Հոկտեմբեր 2023