ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան մնայուն բանագնաց Պասսամ Սապպաղ ՄԱԿ-ի վեհաժողովի 78-րդ շրջանին ընթացքին յայտնեց, որ ԱՄՆ եւ Թուրքիա կը շարունակեն իրենց ոտնձգութիւնները Սուրիոյ մէջ եւ կը խախտեն անոր գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը՝ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն զօրակցելով եւ սուրիական հողերուն մէջ իրենց ուժերուն ապօրինի ներկայութիւնը շարունակելով։

Սապպաղ աւելցուց, որ սուրիական քաղաքներուն, օդակայաններուն եւ նաւահանգիստներուն դէմ իսրայէլեան իրարայաջորդ յարձակումները տարածաշրջանին լարուածութիւնը կը սաստկացնեն։ Այս առիթով, ըսաւ ան, Սուրիա խստիւ կը դատապարտէ այս յարձակումները եւ կարգ մը պետութիւններու ցուցաբերած աջակցութիւնը անոնց։

Սապպաղ կոչ ուղղեց վերջ տալու Սուրիոյ, Ռուսիոյ, Իրանի, Վենեզուելայի, Պելառուսի, Ժողովրդավարական Քորէայի, Նիքարակուայի, Զիմպապուէի եւ Էրիթերիոյ պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցներուն, որոնք տնտեսական ահաբեկչութիւն կը համարուին եւ վտանգով չեն նուազիր զինեալ ահաչեկչութենէն իրենց մարդկային աղէտալի հետեւանքներով։