Սուրիոյ առաջին տիկին Ասմա ալ-Ասատ Փեքինի օտար ուսումնասիրութիւններու համալսարանին մէջ արաբական ուսումնասիրութեան ճիւղի աշակերտներուն հետ զրոյց ունեցաւ։ Զրոյցը ընդգրկեց պետութիւններու միջեւ լեզուի, մարդկային յարաբերութիւններու եւ մշակոյթի շուրջ խորհրդակցութիւններ, ներկայութեամբ՝ ուսուցիչներու, աշակերտներու եւ Չինաստանի մէջ արաբական եւ եւրոպական պետութիւններու դեսպաններու։

Առաջին տիկնոջ, աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն միջեւ տեղի ունեցած զրոյցը յատկանշական էր Չինաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ բարոյական, մշակութային, մարկդային եւ ազգային միացեալ սկզբունքներէն մեկնելով։

Անոնք անդրադարձան Սուրիոյ եւ Չինաստանի յարաբերութեան, ժառանգութեան պահպանման, քաղաքականութեան եւ անոր մարտահրաւէրներուն, մշակոյթի, արհեստի եւ այլն։

Յատկանշական էր նաեւ չինացի աշակերտներուն Սուրիոյ պատմութեամբ եւ իրավիճակով հետաքրքրուիլը եւ սուրիացի աշակերտներուն հանդէպ ունեցած  դրական կեցուածքը։

Առաջին տիկինը ըսաւ. «Պատմութեան հնագոյն մայրաքաղաք՝ Դամասկոսէն հնագոյն քաղաքակրթութիւններու մայրաքաղաք՝ Փեքին, առաջին Այբուբենի օրրան՝ Սուրիայէն հնագոյն լեզուներու եւ բարբառներու տուն՝ Չինաստան կը գտնուիմ այսօր, որուն համար հպարտ եմ եւ երջանիկ»։

Առաջին տիկինը աւելցուց. «Անկասկած, որ բոլորս կը դիմագրաւենք ժողովուրդներու ազգային մշակոյթներու ջնջումի փորձեր այլազան ձեւերով, սակայն մէկ վերնագիրի տակ, որն է զարգացում եւ նորարարութիւն։ Սակայն նպատակը ինքնութեան եւ պատկանելիութեան ջնջումն է, որուն ամենազօրաւոր զէնքը ժողովուրդներու մայրենի լեզուները հարուածելն է»։