(Ընթերցուած ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Բժշ.Անդրանիկ Սարգիսեանի կողմէ)
Սիրելի՛ Սգակիր Հարազատներ,
Սրտի խոր կսկիծով, այսօր բոլորս հրաժեշտ տուինք հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ական եւ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ` եղբայր Միհրան Տիգրանեանին։
Եղբ. Միհրան բոլորիս ծանօթ է որպէս տիպար եւ օրինակելի Հ.Մ.Ը.Մ.ական։
Ծնած է 1957-ին, Գամիշլի: Փոքր տարիքէն անդամակցած է Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան, ըլլալով գայլիկ, ապա սկաուտ: Ան երկար տարիներ ծառայած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ոտնագնդակի յանձնախումբէն ներս: Եղբ. Միհրան եղած է Գամիշլիի մասնաճիւղի Սկաուտ խորհուրդի եւ վարչութեան անդամ։ 2021-ին ընտրուած է Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 100 ամեակին, Միութենէն ներս իր տարած արդիւնաւէտ գործունէութեան առ ի գնահատանք, պարգեւատրուած է Ծառայութեան յուշանուէրով։
Եղբ. Միհրան եղաւ հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մը, որ փոքր տարիքէն ծառայեց միութենէս ներս եւ իր նուիրածութեան ոգին օրինակ դարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սերունդներուն։
Սիրելի՛ եղբ. Միհրան, այսօր դուն մեզմէ առ յաւէտ կը բաժնուիս, սակայն քու ծառայասիրութիւնդ եւ օրինակելի վարքդ մեր յիշողութեան մէջ յաւերժ կը մնայ:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքը իրենց խորազգաց վշտակցութիւնը եւ ցաւակցութիւնը կը յայտնեն Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներուն եւ հանգուցեալ եղբօր հարազատներուն՝ եղբ. Միհրանին մահուան տխուր առիթով:
Հողը թեթեւ ըլլայ վրադ: Յիշատակդ անթառամ կը մնայ մեր յիշողութեան մէջ:
Խունկ ու աղօթք կը բարձրացնենք հանգուցեալ եղբօր հոգիին խաղաղութեան համար:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւն
30 Օգոստոս 2023