Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի,Կիրակի, 3 Սեպտեմբեր 2023-ին Գամիշլիի Ազգային Առաջնորդարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ շրջափակուած բնակչութեան զօրակցական հաւաք, կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ Դատի Գամիշլիի Ենթայանձնախումբին։

Ժողովրդային հաւաքին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Գամիշլիի քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր հայրեր, «Պաաս» կուսակցութեան Գամիշլիի գրասենեակի պատասխանատու ներկայացուցիչներ, արաբ Շամար եւ Թայ, ինչպէս նաեւ քիւրտ աշիրապետներ, Պատկան Մարմինի, ազգային եւ միութենական կազմերու անդամներ եւ հոծ բազմութիւն։

Հաւաքը սկսաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւնը ու ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու ձեռամբ ծածանեցաւ Արցախի դրօշը։
Հանդիսավար Դալար Մարտիրոսեան-Սիմոնեան հրաւիրեց Յակոբ Պարսումեանը՝ ուղղելու Սուրիոյ Հայ Դատի Գամիշլիի ենթայանձնախումբին հայերէն խօսքը։ Պարսումեան ըսաւ. «Ինը ամիսէ ի վեր Արցախ կը գտնուի շրջափակման մէջ, իսկ պատանդ դարձած արցախահայութիւնը կ’ենթարկուի անթաքոյց ցեղասպանութեան։ Այս ընթացքին սփիւռքահայութիւնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը ի սպաս կը դնէ Արցախին եւ աշխարհով մէկ կը ձեռնարկէ զօրակցական հաւաքներու՝ միջազգային հանրութիւնը շտապ աշխատանքի մղելու եւ փրկելու աւելի քան 120.000 հայերու վտանգուած կեանքը իրենց պատմական հայրենիքին մէջ»։
Արաբերէն խօսք արտասանեց Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան: Ան անդրադարձաւ արցախահայութեան պապենական իր հողին վրայ ազատ իրաւունքին, ապա դատապարտեց քաղաքականութիւնը Ատրպէյճանի, որուն բռնապետական վարչակարգը կը շարունակէ շրջափակումը, իսկ քաղաքակիրթ կոչուած աշխարհը կը շարունակէ լուր մնալ ի տես այս անմարդկային արարքին։
Այնուհետեւ յաջորդաբար Գամիշլիի աւետարանական եկեղեցւոյ քահանայ Տէր Ֆիրաս Ֆարահ, «Պաաս» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Մուհամէտ ալ-Տայֆ, քրտական Թայ աշիրէթի ներկայացուցիչ Շէյխ Մուհամէտ Ապտուլ Ռազաք խօսքեր արտասանելով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին արցախահայութեան՝ դատապարտելով Ատրպէյճանը եւ անոր զինակից Թուրքիան, որ նոյն քաղաքականութեամբ ճնշում կը բանեցնէ Սուրիոյ ժողովուրդին վրայ, մանաւանդ զրկելով Հասիչէն ջուրի մատակարարումէն եւ թիկունք կանգնելով ահաբեկչական խմբաւորումներուն։ Անոնք յայտնեցին, որ ՄԱԿ-ը ցեղասպանութիւն կ՚անուանէ ողբերգական կենսապայմաններու միտումնաւոր ստեղծումը խումբի մը՝ անոր ֆիզիքական ամբողջական կամ մասնակի ոչնչացման համար, շեշտեցին նաեւ, որ Արցախի շրջափակումը, Լաչինի միջանցքին փակումը միայն հայ ժողովուրդին հարցը չեն, այլ՝ ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին, որովհետեւ մարդկութեան դէմ ուղղուած ոճիրներ կը գործուին եւ արդարութիւն հաստատելու խնդիր կայ։
Հուսկ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Սրբ. Աշգարեանը, ողջունելով ներկայ հիւրերը, որոնք եկած են մեր կողքին կենալու եւ մեզի հետ արդարութեան կանչը հնչեցնելու։
«Այսօր աշխարհով մէկ հայ ժողովուրդը եւ իր կողքին գտնուող բոլոր այն մարդիկ, որոնք արդարութեան հաւատացող են եւ համոզուած են արդարութեան յաղթանակով, ահաւասիկ եկած են ու մեր կողքին կանգնած՝ ամիսներ առաջ արիւնարբու թուրքին եւ իրեն գործակից Ատրպէյճանի կողմէ շրջափակուած եւ կենցաղային ամէն կարելիութենէ զրկուած հայերուն իրաւունքը պահանջելու։
«Սիրելի՛ արցախցիներ, արդարութեան հետեւորդներ, լոյսի, յարութեան եւ յաղթանակի զաւակներ, պիտի շարունակենք արդարութիւն պահանջել մինչեւ որ արդարութիւնը յաղթանակէ։ Առանց յուսահատելու պիտի շարունակենք կոչ ուղղել ողջ մարդկութեան եւ բոլոր այն պետութիւններուն, որոնք մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան անունով կը գործեն, բայց սեփական շահերը կը հետապնդեն, արթննալու, որպէսզի մարդկային խիղճն ու արդարութիւնը յաղթանակեն վերջապէս»։
Այնուհետեւ բժշկհ. Մարի Մելքոնեան-Պետրոսեան ընթերցեց ՄԱԿ-ին ուղղուած բողոքագիրը, ուր կը դատապարտուէր Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը։
Սոյն բողոքագիրը ստորագրուեցաւ ներկայ պատասխանատուներուն կողմէ։
Մէջբերումներով ելոյթ ունեցան Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան «Նիկոլ Դուման» մասնաճիւղի եւ Պատանեկան Միութեան «Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամներ՝ արաբերէն եւ հայերէն լոզունքներ արտասանելով։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն