Արցախի Հանրապետության հռչակման օրուան առիթով Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած է Հանրապետական մաղթանք:

Ինչպէս «Արմէնփրէս» կը հաղորդէ Տէր Անդրէաս քահանայ Թաւադեանի հանդիսապետութեամբ միասնական աղօթք բարձրացուած է առ Աստուած` Արցախի Հանրապետութեան պետականութիւնը անսասան պահելու եւ աստուածային օրհնութիւնը ստանալու դժուարին իրավիճակի յաղթահարման համար։

Հանրապետական աղօթքին Ներկայ գտնուած են Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, Արցախի նախագահի պաշտօնրն հրաժարական ներկայացուցած Արայիկ Յարութիւնեան, երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Արկատի Ղուկասեան ու Բակօ Սահակեան, պետական նախարար Սամուէլ Շահրամանեան, պաշտօնատար այլ անձինք։

Այնուհետեւ միջոցառման մասնակիցները այցելած են Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած հերոսներու յիշատակին։

Կատարուած է նաեւ հոգեհանգստեան կարգ: