Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան անդրադարձած է ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ տարածոպած տեսանիւթին, ուր կ՚երեւի, թէ Ատրպէյճանի սահմանապահ զօրքերուն ծառայողները ինչպէ՞ս կը ստիպեն Արցախէն Հայաստան վերադարձող կինը շտապօգնութեան մեքենայէն հանել Արցախի զինանշանով պաստառը։

«Ատրպէյճանի զինուորական ծառայողները կինը կը ստիպեն շտապօգնութեան մեքենայէն հանել Արցախի զինանշանով պաստառը, մինչդեռ այլ քննարկումներու մէջ Ատրպէյճան օրինակներ կը բերէ, թէ ինչպիսիք են Քէպէքը կամ Քաթալոնիան, ուր ազգային խորհրդանիշները ազատ և լայնօրէն կ՚օգտագործուին:

Ժամանակն է հասկնալու, որ Ատրպէյճանի նպատակը ո՛չ խաղաղութիւնն է, ո՛չ համակեցութիւնը», «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Ստեփանեան գրած է X-ի (նախապէս «Թուիթըր») իր միքրոպլոքին վրայ։