Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանի հրաւէրով, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Ռաֆայէլ ԻԱ. Մինասեան հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Հալէպ։

Ընդունելութենէն ետք Հոգեւոր Տէրը ուղղուեցաւ հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ գոհաբանական աղօթք, ներկայութամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Հալէպի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու, ինչպէս նաեւ Հալէպի նահանգապետին եւ Պաաս կուսակցութեան քարտուղարին ներկայացուցիչներուն։