Պաշտօնական Ստեփանակերտը հաստատակամօրէն կոչ կ’ուղղէ բոլոր շահագրգիռ պետութիւններուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ միւս միջազգային դերակատարներուն խօսքէն գործի անցնելու՝ վերջ դնելու Ատրպէյճանի կողմէն Արցախին եւ անոր ժողովուրդին դէմ իրականացուող միջազգային յանցագործութիւններուն։
«Կը յիշեցնենք, որ ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլումը պետութիւներու erga omnes (բոլորին վերաբերող) պարտաւորութիւն է, որուն համաձայն՝ իւրաքանչիւր պետութիւն պէտք է գործուն եւ շարունակական ջանքեր գործադրէ՝ նման յանցագործութեան կանխումին համար», ըսուած է Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ
Կարեւոր համարելով միջազգային հանրութեան կողմէ եղած կոչերը՝ Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակումը անյապաղօրէն դադրեցնելու մասին, Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կ’ընդգծէ. – «Միեւնոյն ատեն, ակնյայտ է, որ նման կոչերը որեւէ ազդեցութիւն չեն ունենար Ատրպէյճանի ղեկավարութեան վրայ, որ, ամենաթողութեան եւ լիակատար անպատժելիութեան պայմաններով, կը շարունակէ իր ցեղասպան քաղաքականութիւնը եւ սովամահ կ’ընէ Արցախի 120 000 բնակիչները՝ անոնց համար ստեղծելով անտանելի կենսապայմաններ»։
Հակառակ այս կոչերուն, ըստ հաղորդագրութեան, Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական աղէտը եւ մարդու իրաւունքներու ճգնաժամը օրէցօր աւելի կը վատթարանան։