«Արմէնփրէս»._ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան արձագանգած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան, թէ «պատերազմի մէջ յաղթելը իր կեանքի, իր քաղաքական առաքելութիւնն էր»։

«Ատրպէյճանի նախագահի յայտարարութիւնը այն մասին, որ «պատերազմի մէջ յաղթելը իր կեանքի, իր քաղաքական կեանքի առաքելութիւնն էր…», յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս անպատժելիութիւնը կանաչ լոյս կը վառէ նոր ոճրագործութիւններու համար։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է անյապաղ միջոցներու ձեռնարկէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումները կանխելու համար», «Թուիթըր»-ի իր միքրոպլոկին վրայ գրած է Կոստանեան:

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Իւրոնիւզ»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած էր, որ պատերազմի մէջ յաղթելը իր կեանքի, իր քաղաքական առաքելութիւնն էր։