Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան Շուշիի մէջ Ատրպէյճանի կողմէն կատարուող միջազգային ֆորումը լուսաբանող միջազգային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները հրաւիրած է Ստեփանակերտ՝ անձամբ ականատես ըլլալու եւ լուսաբանելու Արցախի մէջ առկայ ճգնաժամային ծանր իրավիճակը։

Ան տեսանիւթ հրապարակած է Արցախը Հայաստանի Հանրապետութեան կապող Բերձորի միջանցքէն՝ յայտնելով, որ տեղւոյն հաւաքուած հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները անոնց կոչ ուղղած են երթալու նաեւ առաւելագոյնը 5 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող միջանցքի տարածք, անձամբ ականատես ըլլալու իրավիճակին։

«Ստեփանակերտ-Շուշի ճանապարհի լրագրողներու համայնքը իր բողոքի ձայնը ուղղեց Շուշիի ընդհանուր մետիա ֆորումի մասնակիցներուն՝ պահանջելով իրենց գործընկերներէն գործիք չդառնալ Ատրպէյճանական բռնապետութեան ձեռքը եւ լուսաբանել Արցախի մէջ մարդկային ճգնաժամը», տեսանիւթին կից գրած է ան։