24 Յուլիսին ոստիկանութեան Ասկերանի շրջանային բաժինի Շոշի բաժանմունքէն հաղորդում եկած է, որ տեղւոյն ժամը 11:20-ի սահմաններուն մէջ, Մարտունիի շրջանի Գիշի համայնքի բնակիչ Ա. Մ.-ն (ծնեալ 1959թ.) իրեն պատկանող շարժիչ մեքենային մէջ, Շոշ գիւղի վարչական տարածքին վրայ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կ’իրականացնէր, երբ ատրպէյճանական մարտական դիրքերէ հրաձգային տարբեր տեսակի զէնքերէ կրակ բացած են շարժիչ մեքենային վրայ։
Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան Ներքին Գործոց Նախարարութենէն:
«Զինադադարի խախտումին հետեւանքով դադրած են գիւղատնտեսական աշխատանքները: Բարեբախտաբար ոչ ոք տուժած է։
Հաղորդումը փոխանցուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։