ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին մէջ 2 Մայիսին տեղի ունեցած է քննարկում՝ «Մշակութային Ժառանգութեան Պաշտպանութիւնը Զինեալ Հակամարտութիւններու Ընթացքին» խորագիրով, որ կազմակերպած էին Անվտանգութեան Խորհուրդի Ֆրանսայի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մշտական ներկայացուցչութիւնները։ ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, քննարկումին ելոյթներով հանդէս եկած են Միացեալ Ազգերու կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի հարցերու կազմակերպութեան (ԻՒՆԵՍՔՕ) գլխաւոր տնօրէն Օտրէ Ազուլէն եւ ՄԱԿ-ի շարք մը անդամ-պետութիւններու ներկայացուցիչներ:
Իր ելոյթով ՄԱԿ-ի Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի եւ ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու մէջ հայկական մշակութային կոթողներու քանդումներուն` աւելցնելով, որ նման գործողութիւններ Ատրպէյճանի կողմէն տարածաշրջանի մէջ հայկական ներկայութեան համակարգուած վերացման քաղաքականութեան մաս կը կազմեն։
Դեսպան Մարգարեան ընդգծած է, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան դէմ Ատրպէյճանի նախօրօք ոտնձգութիւնները եւս փաստագրուած եւ լայնօրէն լուսաբանուած են` օրինակ բերելով Նախիջեւանի հայկական միջնադարեան եկեղեցիներու և 5000-է աւելի խաչքարերու ոչնչացումը։
Քննարկումի մասնակիցներուն ուշադրութեաւն հրաւիրուած է նաեւ 2021 Դեկտեմբերին Հայաստանի դիմումին հիման վրայ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կողմէն ընդունուած հրատապ միջոցներ կիրառելու առնչութեամբ որոշումին վրայ, որ կը պարտաւորեցնէ Ատրպէյճանը «ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ կանխելու եւ պատժելու բարբարոսութեան ու պղծման գործողութիւնները՝ ուղղուած հայկական մշակութային ժառանգութեան, ներառեալ՝ եկեղեցիներու եւ այլ պաշտամունքի վայրերու, յուշարձաններու, տեսարժան վայրերու, եւ շիրիմներուն դէմ»։
ՀՀ մշտական ներկայացուցիչը շեշտած է, որ Հայաստան շարունակաբար կոչ ուղղած է ԻՒՆԵՍՔՕ-ին փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելու Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ, իսկ Ատրպէյճան մշտապէս խոչընդոտած է տեղւոյն փաստերու անկախ եւ անաչառ գնահատական տալու միջազգային կառոյցներուն ջանքերը։