ԱՄՆ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ ԱՄՆ պետական քարտուղար Պլինքընի հանդիպումը: «Արմէնփրէս»-ին այս մասին յայտնած են ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն։
Քննարկուած են տարածաշրջանի մէջ կայունութեան ու անվտանգութեան առնչուող հարցեր, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը:
Անդրադարձ կատարուած է Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակումին հետեւանքով ստեղծուած մարդկային իրավիճակին: