ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ պէտք չէ որեւէ դիւանագէտէ ակնկալել մեզմէ աւելի հայ ըլլալ։ Ես այս եղածը կը համարեմ հետեւանք երկարատեւ գործընթացի, որ Հայաստանի մէջ կ՚իրականացուի եւ որուն արդիւնքը մենք այսօր կը քաղենք։
«Մենք, ըստ էութեան, չձեւաւորելով նոր ստեղծուած իրավիճակին համապատասխան անվտանգային համակարգ, կը քանդենք այն ինչ որ ունինք։ Լաւրովի բերնէն հնչածը կարելի է մեկնաբանել այնպէս, որ եթէ դուք չէք գնահատած Ռուսիոյ դերը, հիմա պիտի գնահատէք անոր բացակայութիւնը։ Ասիկա ուղիղ նամակ է մեզի։ Դժբախտաբար այս է իրականութիւնը։ Եթէ մենք այսօր չենք կրնար համապարփակ ձեւով մեր ապահովական համակարգը նորովի ձեւաւորել, կ’ընենք ինչ-որ ամենադիւրինն է ու կը քանդենք եղածը, մենք կ՚ունենանք այս արդիւնքը։ Ասոր մասին վաղուց խօսած ենք, մենք այսօր ունինք անվտանգային յստակ բաղադրիչներ, անվտանգութեան յստակ ծաւալ ունինք։ Այդ ծաւալը քիչ է, թէ՝ շատ, այլ խօսք է, բայց կարելի չէ այդ ծաւալը ամբողջութեամբ պարպել, առանց որեւէ նոր ակնկալիք կամ նոր անվտանգային համակարգ ստեղծելու։ Ասիկա նոր խնդիր է։ Այսօր մենք ըսած ենք, որ մեր ռազմավարական ամենակարեւոր գործընկեր Ռուսիոյ, ըստ էութեան, այստեղ ներկայութիւնը սպառնալիք է, ուղղակի կամ անուղղակի ատիկա կ’ըսենք։ Արգիլած ենք, որ ՀԱՊԿ-ը այստեղ զօրավարժութիւններ ընէ։ Ասոնք անհետևանք չեն կրնար մնալ։ ՀԱՊԿ-ը հիմա ալ պատրաստ է, երկու օր պէտք է ու կրնայ գալ։ Գալ, կանգնիլ Հայաստանի սահմանին։ Հայաստանը ըսած է ես ձեր կարիքը չունիմ, ես այլ տեղեր կը փնտռեմ ապահովութիւնը», ըսաւ ան։
Պատգամաւորի խօսքին համաձայն, Եւրոմիութեան դիտորդներուն գալը հարց չէ, բայց հարց կը յառաջանայ, երբ անոնք կու գան փոխարինելու Ռուսիոյ կամ մեր անվտանգային համակարգը։
ՀՅԴ գործիչը ըսաւ, որ Լաւրով այդ իրողութեան յղում կը կատարէ՝ ըսելով, որ մեր ձեռքը եւ ոտքը կապուած են, երբ դուք Արցախը կը համարէք Ատրպէյճանի կազմին մէջ․«Ճիշդ ըսած է, եթէ մենք Հայաստանով մէկ, ամբողջ առաջին դէմքերով կ’ըսենք, որ այլ լուծում չկայ, պիտի Արցախը մնայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, Լաւրովէն ի՞նչ կը սպասենք։ Լաւ է որ Արցախի մնացեալ բաժիններուն ակնարկելով չըսեր, թէ վաղը, միւս օր պէտք է անոնք ալ յանձնէք», աւելցուց քաղաքական գործիչը: