Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «Ռուսիա 24» պատկերասփիւռի եւ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ Հայաստանի սահմանին ՀԱՊԿ-ի առաքելութիւն տեղակայելու Ռուսիոյ առաջարկը տակաւին ի զօրու է, եթէ Հայաստան տակաւին շահագրգռուած է, առաքելութիւնը կրնայ մէկ-երկու օրուան ընթացքին տեղակայուիլ:

«Առաջարկը տակաւին սեղանի վրայ է, եւ եթէ մեր հայ դաշնակիցներն ու ընկերները տակաւին շահագրգռուած են ատով, այդ առաքելութիւնը կրնայ ընդամէնը մէկ կամ երկու օրուան ընթացքին տեղակայուիլ», ըսած է Լաւրով:

Անդրադառնալով արցախեան տագնապին, Լաւրով դիտել տուած է, որ Հայաստան տարիներ շարունակ «բռնագրաւած էր» Ատրպէյճանի եօթ շրջանները:

«Յետոյ, երբ Ռուսիա յոյսը կտրած է հարցի քաղաքական լուծումէն, առաջարկած է բազմաթիւ տարբերակներ, սակայն Հայաստանի Հանրապետութեան նախորդ ղեկավարութիւնը զանոնք այնքան ալ դրական չէ ընդունած` ցանկալով պահել այն տարածքները, որոնց երբեք ալ չէ յաւակնած: Եւ, այո՛, Ատրպէյճանը վերադարձուց իրեն պատկանած հողերը: Հիմա, երբ թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Ատրպէյճանը, թէ՛ Եւրոպական Միութիւնը ստորագրած են խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու պատրաստակամութեան մասին պայմանագիր` 1991-ի Դեկտեմբերին կնքուած Ալմա Աթայի հռչակագիրի կէտերուն հիման վրայ, մեզի համար արդէն դժուար է կողմնորոշուիլ հետագայ քայլերու առնչութեամբ, որովհետեւ այդ հռչակագիրին մէջ կ՛ըսուի, որ նորանկախ հանրապետութիւններու միջեւ սահմանները պիտի անցնին Խորհրդային Միութեան վարչական սահմաններով… իսկ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը գտնուած է Խորհրդային Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Այնպէս որ այս պարագային հարցը բազմաշերտ է», ըսած է Լաւրով: