Հինգշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ճանապարհներու եւ քաղաքներու կառուցման հարցերու նախարար, սուրիական-իրանեան միացեալ յանձնախումբի իրանեան կողմի նախագահ Ռոստոմ Քասիմին։
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներու տնտեսական յարաբերութեան եւ անոր զարգացման միջոցներուն շուրջ։
Կողմերը խորհրդակցեցան նաեւ Սուրիոյ եւ Իրանի միջեւ տարբեր ոլորտներու առնչուող ստորագրուած համաձայնագիրներուն գործանակացման աշխատանքներուն, յատկապէս ելեկտրականութեան եւ ցամաքային փոխադրութեան շուրջ։