Չորեքշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարի երդման արարողութիւն կատարեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին դիմաց՝ Ռուսիոյ մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան դեսպան նշանակելուն առիթով։
Յետ եդրման արարողութեան, Նախագահ Ասատ հանդիպում ունեցաւ Ճաաֆաիին հետ եւ անոր յաջողութիւն մաղթեց իր ստանցնած նոր պաշտօնին մէջ։
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ Մըքտատ եւ Սուրիոյ Հանրապետութեան պետական հարցերու նախարար Մանսուր Ազզամ։