Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան Ուաշինկթընի մէջ պիտի կատարէ քաղաքական խորհրդակցութիւններ՝ ներառեալ Քոնկրեսի ճեպազրոյցներ, վերլուծական կեդրոններու կլոր սեղաններ, համալսարանական դասախօսութիւններ եւ համայնքային հաւաքներ՝ Ուաշինկթըն կատարելիք այցելութեան ընթացքին, որ կը համընկնի Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի (ANCA) Դաշնային Քաղաքականութեան Սեմինարին հետ: Նախարար Պապայեան հիմնական ելոյթը կը ներկայացնէ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի (ANCA) Արցախի անվտանգութեան ու ազատութեան նուիրուած նախաձեռնութեան, որ տեղի պիտի ունենայ պատմական Ուուտրօ Ուիլսըի տուն-թանգարանին մէջ: Սա կը մեծարէ ԱՄՆ այն նախագահին, որ 1918 թուականին եղաւ Հայաստանի Առաջին Հնարապետութեան ստեղծումի կողքին: Պապայեան նաև պիտի ըլլայ գլխաւոր բանախօս «ՔԷփիթոլի ողջոյնը Արցախի անկախութեան» նախաձեռնութեան, որ կազմակերպուած է Քոնկրեսի հայկական յանձնախումբին հետ միատեղ, եւ տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 19 Սեպտեմբերին։ COVID-19-ի հետ կապուած Քոնկրեսի կանոնակարգերուն համաձայն, Արցախի ազատութեան կողմնակիցները պէտք է խնդրեն մասնակցիլ Քապիթոլիումի նախաձեռնութեան` գրանցուելով anca.org/rsvp կայքը։ «Մենք կ’ողջունենք նախարար Պապայեանի խորհրդակցութիւնները Ուաշինկթընի մէջ ԱՄՆ քաղաքականութիւն մշակողներու եւ արտաքին քաղաքականութեան շահագրգիռ կողմերու հետ, ինչպէս նաեւ անոր խօսքերը Քապիթոլիումի նախաձեռնութեան, Ուիլսըն տուն-թանգարանին մէջ եւ մեր քաղաքականութեան համաժողովին, որպէս բովանդակալից ներդրում Արցախի Հանրապետութեան կարգավիճակի եւ անվտանգութեան հարցով ԱՄՆ կառուցողական ներգրաւուածութեան գործին մէջ», ըսաւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի (ANCA) գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան։ «Արցախի ձայնը՝ Ուաշինկթընի մէջ եւ համաշխարհային հարթակի վրայ, կը ներկայացնէ հայ ազգի աննկուն վճռականութիւնը, յարատեւ ժողովրդավարական ձգտումները՝ համբերելու, գոյատեւելու եւ խաւարի ու բռնապետութեան ուժերու դէմ համաշխարհային ազատագրթեան։ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի (ANCA) Դաշնային քաղաքականութեան սեմինարը կը ներառէ չորսօրեայ ներկայացումներ, կլոր սեղան-քննարկումներ եւ Քէփիթալ Հիլզի այցելութիւններու շարք Հայ Դատի Յանձնախումբի ty.akan մասնաճիւղերուն եւ համայնքներու ղեկավարներուն համար: Անիկա կը կեդրոնանայ Հայ Դատի Յանձնախումբի (ANCA) ռազմավարական առաջնահերթութիւններու յառաջխաղացման եւ նպատակային նախաձեռնութիւններուն վրայ, ինչու չէ եւ նաեւ արդարութեան ապահովում Հայոց Ցեղասպանութեան համար: Ուաշինկթըն կատարած այցելութենէն վերջ Պապայեան պիտի մեկնի Քալիֆորնիա շարք մը նախաձեռնութիւններու եւ հանդիպումներու ամերիկահայ համայնքի ղեկավարներուն եւ ընտրուած պաշտօնեաներուն հետ: