Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի աշխատակազմին մէջ յայտարարած են, որ վերջինս յոյս ունի երկկողմ բանակցութիւններ վարելու Ռուսիոյ նախագահ Փութինի հետ 18_19 Յուլիսին Իրան այցելութեան ընթացքին: «Նախագահը կը նախատեսէ երկկողմ հանդիպում կատարել իր ռուս գործընկերոջ հետ», ըսուած է Էրտողանի գրասենեակի յայտարարութեան մէջ: Ավելի ուշ Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով հաստատած էր յաջորդ շաբաթ Փութինի այցը Իրան: Փեսքով աւելցուցած է, որ Իրանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Փութինի եռակողմ հանդիպումը Իրանի նախագահ Ռայիսիի եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ: Ռուսիոյ և Թուրքիոյ ղեկավարները նաեւ առանձին բանակցութիւններ պիտի կատարեն։ Քրեմլի ներկայացուցիչը յստակեցուցած է, որ այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ 19 Յուլիսին: Մինչ այդ Merh գործակալութիւնը, վկայակոչելով Իրանի խորհրդարանի տնտեսական յանձնաժողովի նախագահին, յայտնած էր, որ Փութին յաջորդ շաբաթ Թեհրանի մէջ պիտի հանդիպի Ռայիսիի հետ: Բանակցութիւններու գլխավոր նիւթը պիտի ըլլայ երկկողմ տնտեսական գործակցութեան զարգացումը։