“Երկիր Մետիա”._Թուրքիա առաջարկած է Հայաստանի հետ կարգաւորման հերթական հանդիպում ունենալ Անգարայի կամ Երեւանի մէջ։ Այդ մասին յայտնած է ռուսական «Риа Новости» գործակալութիւնը։
 
Յիշեցնենք, որ ՀՀ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչի հանդիպումները մինչեւ օրս տեղի ունեցած են միայն Մոսկուայի եւ Վիեննայի մէջ։