«Հայաստան» դաշինքը կ’արձանագրէ երկրի մէջ սկսած քաղաքական բռնաճնշումները : Ընդամէնը երէկ վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան խօսած էր համերաշխութեան ձեռք մեկնելու մասին, այսօր արդէն բազմաթիւ ահազանգեր ստացած ենք բոլոր այն համայնքներէն, ուր խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն համայնքներու ղեկավարները «Հայաստան» դաշինքի համախոհները կամ խումբէն եղածեն: Այդ բոլոր համայնքներուն մէջ համայնքապետերուն սպառնալիքներով յորդորած են ինքնակամ հրաժարական տալու: Ժամեր առաջ Լոռիի մարզպետարանին մէջ նման պահանջ դրուածէ նաեւ Օձունի համայնքապետ Արսէն Տիտանեանին առջեւ, եւ երբ ան հրաժարած է կատարելու մարզպետի պահանջքը, մարզպետարանի շէնքին մէջ ծեծի ենթարկուած է: «Հայաստան» դաշինքը խստօրէն կը դատապարտէ կատարուածը եւ պիտի ձեռնարկէ բոլոր միջոցները այս հաշուեյարդարը իրականացնողնրուն օրէնքի ողջ խստութեամբ պատժելու համար: Իսկ եթէ իշխանութիւնները չդադրին այս գործելակերպէն՝ սկիզբ կը դնեն նոր քաղաքական ճգնաժամի: