“Երկիր”._22 Յունիսին ԵՊՀ հայ բանասիրութեան հիմնարկի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ (ամերիկաբնակ) հասարակական-քաղաքական գործիչ, ՀՅ Դաշնակցութեան նուիրեալ անդամ, ճանչցուած մտաւորական Վաչէ Բրուտեանի նոր գիրքի՝ «Երկիրը Արտերկրէն» խորագիրով յօդուածներու ժողովածուի շնորհանդէսը: Այս գիրքը շատերու համար ուղենիշ պիտի ըլլայ։ Անոր յօդուածներու առանցքը եղած է հայրենիքը, սեւեռակէտը՝ Հայաստանը, բոլոր յօդուածներու մէջ ներկայ է Հայաստանւ իր բոլոր վայրիվերումներով, ձեռքբերումներով, բացթողումներով։ Վաչէ Բրուտեան այն քիչ գրողներէն է, որ ինչպէս ապրած է, այնպէս գրած է․ շնորհանդէսի ատեն ըսա «Համազգայինի» երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան։