Երեքշաբթի, 25 Մայիս 2021-ին, Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ռահմուն յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերող բոլոր պատրաստութիւնները ամբողջացան։ Վաղը Չորեքշաբթի, 26 Մայիս 2021-ի առաւօտեան ժամերէն 18. 107. 109 սուրիացի քաղաքացի իրաւունք ունի իր քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարելու եւ մասնակցելու նախագահական ընտրութիւններուն, պայմանաւ, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի 18 տարիքը ամբողջացուցած ըլլայ, ըստ 2014-ին հրապարակուած նախագահական ընտրութիւններու օրէնքներուն 5֊րդ յօդուածին։