Երեքշաբթի, 24 Մայիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ նախագահական ընտրութիւններու բարձրագոյն դատական յանձնախումբը այսօր առաւօտեան ժամը 7:00-էն ընտրական լռութեան օր յայտարարեց՝ կոչ ուղղելով Սուրիոյ նախագահութեան պաշտօնի թեկնածուներուն ընտրական բոլոր ծանուցումները դադրեցնել։
Ըստ 2014-ին հրապարակուած նախագահական ընտրութեան օրէնքներու 58֊րդ յօդուածին, նախքան նախագահական ընտրութիւնը 24 ժամ կը դադրին ընտրական բոլոր ծանուցումները։
Յիշենք, որ Սուրիոյ սահմանադրական բարձրագոյն դատարանը նախապէս ճշդած էր Չորեքշաբթի, 26 Մայիս 2021 որպէս Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններու թուական։