Թուրքիան կը շարունակէ Հայաստանի հետ երկխօսութիւնը` Ատրպէյճանի հետ համակարգումով: Մենք կ՛աջակցինք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին Պոլսոյ մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան` Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումէն ետք:

Ան ընդգծած է, որ Թուրքիան կ՛ակնկալէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուտափոյթ ստորագրութիւն` առանց որեւէ յապաղման:

Նախարարին համաձայն, Ատրպէյճանի օրինական եւ հիմնաւորուած մտահոգութիւնները պէտք է փարատուին:

Ֆիտան յայտարարած է, որ Թուրքիան կարելի ամէն ինչ պիտի ընէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար, իսկ կողմերու ցուցաբերած քաղաքական կամքը շրջանին համար կարելիութիւններու շօշափելի պատուհան բացած է:

Ան նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ վերջին չորս տարիներուն ընթացքին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ծիրին մէջ զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է: