28 Մայիս 1918-ին, արդարատենչ եւ ազատատենչ հայ ժողովուրդը իր սեփական ուժերուն վստահելով հերոսաբար կերտեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 108-ամեակին առիթով, Բերիոյ Հայոց Թեմի եկեղեցիներէն ներս տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշի օրհնութիւն: Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան հանդիսապետեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ Հանրապետական մաղթանքի արարողակարգին եւ այս առիթով իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին: Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամներ, Յարաբերական Մարմինի ներկայացուցիչը, Զէյթունի Հայրենակցական Միութեան ներկայացուցիչները եւ ժողովուրդի զաւակները։
Օրուան պատարագիչն էր՝ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան։

Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ընթերցուեցաւ Հանրապետական մաղթանքը։ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի սկաուտներ եռագոյն դրօշը մօտեցուցին Սուրբ Խորանին։ Սրբազան Հօր ձեռամբ եւ աղօթքով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշը օրհնուեցաւ: Եկեղեցւոյ դպրաց դասը ներկաներուն մասնակցութեամբ երգեց Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը։

Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամին մէջ շնորհաւորեց ժողովուրդը՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին առիթով եւ մաղթեց, որ անկախութիւնը կերտող հերոսներուն հոգին թեւածէ բոլորիս վրայ եւ աստուածային զօրութեամբ մեզ առաջնորդէ նոյն հոգիով ապրելու եւ գործելու։
Պատգամին բնաբանը կազմեցին օրուան աւետարանական հատուածի եւ առաքելական նամակի ընթերցուածները, որոնք նուիրուած են Եղիա մարգարէին։
Սրբազան Հայրը ընթերցուածներուն ընդմէջէն մատնանշեց աղօթքի կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ, անդրադառնալով Եղիա մարգարէին աղօթական կեանքին։ Ան նշեց, թէ մարգարէն Աստուծոյ կամքին եւ օրէնքներուն հնազանդ գտնուելով, աղօթեց Աստուծոյ, խնդրելով որ երեքուկէս տարի չանձրեւէ երկրի վրայ, որպէսզի Աստուած Ինքզինք յայտնէ կռապաշտ ժողովուրդին եւ ապաշխարութեան հրաւիրէ զայն։ Ապա, ան դարձեալ աղօթեց եւ երկինքը անձրեւեց։
Սրբազան Հայրը Աստուածաշունչէն մէջբերումներ կատարելով շեշտեց աղօթքի կարեւորութիւնը եւ հրաւիրեց բոլորը անկեղծօրէն աղօթելու մեր ծննդավայր Սուրիոյ եւ մեր հայրենիքին՝ Հայաստանի համար, հակառակ մեր շուրջը տիրող անտարբերութեան եւ անարդարութեան։
Սրբազան Հայրը, յայտնեց, թէ մայիսեան հերոսները այսօր մեզ զգաստութեան կը հրաւիրեն՝ հաւաքական գիտակցութեամբ գործելու եւ Ս. Հոգիին օգնութեամբ մեր հայրենիքին համար աղօթելու, որպէսզի յաղթահարենք մեր առջեւ ծառացած դժուարութիւնները։
Սրբազան Հայրը, Ազգային Իշխանութեան Քաղաքական եւ Կրօնական Ժողովներուն, միութիւններուն եւ մարմիններուն, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին անունով որդիաբար շնորհաւորեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը՝ իր անուանակոչութեան տօնին առիթով։ Ան շնորհաւորեց նաեւ Արամ, Հրայր, Սեպուհ, Վարուժան, Խաժակ եւ հերոսներու անուններ կրող հայորդիները։

Աւարտին, Հոգեհանգստեան
արարողութիւն կատարուեցաւ, Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերուն, ինչպէս նաեւ Զէյթունի հերոսամարտին նահատակուած հերոսներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։
Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս Զէյթունի Հայրենակցական Միութեան կողմէ ծաղկեմատոյց կատարուեցաւ Զէյթունի հերոսամարտի յուշակոթողին առջեւ։
Աւարտին, կոկիկ հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ եկեղեցւոյ Տիկնաց յանձնախումբին կողմէ։