Ռուսիա նպատակադրած է զարգացնել տնտեսական եւ մարդասիրական գործակցութիւնը Հայաստանի հետ։
Լրագրողներուն այս մասին ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա։
«Ռուսիա նպատակադրած է զարգացնել տնտեսական եւ մարդասիրական յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ։ Մենք կը ձգտինք փոխադարձ յարգանքի սկզբունքով տարածաշրջանի ապահովութեան մարտահրաւէրներուն առնչուող հարցերը լուծել», ըսած է Մարիա Զախարովա։