Շաբաթ, 23 Մայիս 2026-ի ժամը 20:00-ին, Խորէն Ա. Կեդրոնի ՀԵՀՈՄ-ի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ «Կեանքի հարցումներ, հոգեւոր պատասխաններ» խորագիրը կրող մտերմիկ զրոյց-հանդիպում։ Օրուան հիւրն էր՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանը։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀԵՀՈՄ-ի ատենապետուհի Աննա Գլարա Լօշիքեանը, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ կարեւոր են մեր հարցումները դիմել եկեղեցականներու՝ ճիշդ ուղղութիւն ստանալու եւ Հայ Եկեղեցւոյ ճշմարիտ հաւատքէն ու դաւանանքէն չշեղելու համար։ Ապա, ան ներկայացուց Մակար Արքեպիսկոպոսին կենսագրութիւնը, որմէ ետք զինք հրաւիրեց մտերմիկ զրոյց-հանդիպումը սկսելու համար։

Մակար Սրբազանը պարզ եւ մատչելի ոճով մանրամասն պատասխանեց ՀԵՀՈՄ-ականներուն զանազան հարցումներուն։ Ուսանող երիտասարդներուն համար յիշեալ իւրայատկու զրոյց-հանդիպում մը առիթ հանդիսացաւ առաւել թափ տալ իրենց հոգեւոր-ազգային կեանքին։ Սրբազան Հայրը, իրեն ուղղուած հարցումներուն պատասխանած ընթացքին, լայն եւ իւրայատուկ կերպով անդրադարձ կատարեց հոգեւոր կեանքի եւ ազգային կեանքի մէջ երիտասարդին ներկայութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ զանոնք գօտեպնդեց, ըսելով. «Երբ ձեր հոգեւոր կեանքին մէջ կ՚աճիք, Աստուծոյ հետ երկխօսութեամբ մտերմութեան մէջ կը մտնէք, ձեր բոլոր ծրագիրները լաւագոյն պտուղներով կը պսակէք, որովհետեւ Աստուած կ՚օրհնէ ձեր իւրաքանչիւր քայլն ու որոշումը»։ Մակար Արքեպիսկոպոսը իր պատասխաններուն մէջ անդրադարձաւ, ըսելով. «Անցեալի եւ մասնաւորաբար այս օրերու մարդիկը եթէ անորոշ կեանք մը կ՚ապրին, որովհետեւ տակաւին չեն ճանչնար Աստուծոյ կամքը իրենց կեանքին մէջ, տակաւին չեն հասկնար, թէ Աստուած իրենց ինչո՞ւ ստեղծած է եւ իրենց ի՞նչ պարտականութիւն վստահած է։ Աղօթեցէ՛ք, որպէսզի Տիրոջ կամքը լաւապէս ճանչնաք, պայման չէ հոգեւորական ըլլաք, որպէսզի ձեր քարոզչութիւնը բերէք, այլ ձեր երիտասարդի ուժով կրնաք ձեր շրջապատին, միութիւններու, ակումբներու, վարժարաններու մէջ ձեր դրական մասնակցութիւնն ու ներկայութիւնը բերել»։

ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեան խօսք առնելով, առաջին հերթին իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Մակար Սրբազանին, որ սիրայօժար կերպով ընդառաջեց հրաւէրին եւ իր հարուստ գիտելիքներով ու հոգեւոր փորձառութեամբ հարստացուց զրոյց-հանդիպումը։ Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ, ըսաւ. «Սրբազանէն կը խնդրեմ, որ իր աղօթական կեանքին ընթացքին յիշէ ՀԵՀՈՄ-ը՝ անոր սրբազան առաքելութեան յաջողութեան համար, ինչպէս նաեւ յիշել ընդհանրապէս բոլոր երիտասարդները եւ յատկապէս ՀԵՀՈՄ-ականները, որ կարողանան կեանքի խառնաշփոթութեան դիմաց անայլայլ եւ Աստուծոյ ընդառաջ հաւատարիմ զաւակներ մնալ»։

Աւարտին, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան անունով, Միութեան հոգեւոր խորհրդատու Հայր Սուրբը խորհրդանշական նուէր մը յանձնեց Մակար Սրբազանին։
•••
📸: Karin Simonian