Միջին Արեւելքի եւ Պարսից ծոցի տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը պատերազմի եւ խաղաղութեան միջեւ լարուած կը մնայ, ուստի հարկ է դադրեցնել զինուորական գործողութիւնները։
Այս մասին, «Արմէնփրէս»-ի համաձայն, Փեքինի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփին։

«Միջին Արեւելքի եւ Պարսից ծոցի տարածաշրջանի իրավիճակը կը գտնուի պատերազմի եւ խաղաղութեան միջեւ անցումային լարուած կէտի վրայ։ Անհրաժեշտ է անյապաղ դադրեցնել զինուորական գործողութիւնները. պատերազմի վերսկսումը անընդունելի է։ Անհրաժեշտ է հետեւիլ բանակցութիւններու ընթացքին։ Հակամարտութեան շուտափոյթ աւարտը կ’օգնէ նուազեցնել բացասական ազդեցութիւնը ուժանիւթի մատակարարման կայունութեան, արտադրական եւ տեղւոյն շղթաներու շարունակականութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային առեւտրային կարգի վերակայունացման», Չինաստանի կեդրոնական կայանի հաղորդումին համաձայն ըսած է Սի Ծինփին։