ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները 12 Մայիսին հանդիպած են ԵԽԽՎ դիտորդական առաքելութեան պատուիրակութեան հետ:

Խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան, ողջունելով հիւրերը, ընդգծած է պատուիրակութեան՝ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշեմին Հայաստան կատարած այցելութեան կարեւորութիւնը:
Հանդիպումին մասնակցած են խմբակցութեան պատգամաւորներ Աննա Գրիգորեան, Լիլիթ Գալստեան, Արմէն Գէորգեան, Արթուր Խաչատրեան եւ Արմէն Ռուստամեան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ պատուիրակութեան ղեկավար Տամիէն Քոտյըն նշած է, որ Հայաստանի մէջ են՝ տարբեր քաղաքական ուժերու եւ շահագրգիռ կազմակերպութիւններու հետ հանդիպելու, իրավիճակին ծանօթանալու ու դիտորդական առաքելութեան աշխատանքները առաւել արդիւնաւէտ կազմակերպելու նպատակով:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները ԵԽԽՎ դիտորդական առաքելութեան պատուիրակութեան անդամներուն ներկայացուցած են նախընտրական քաղաքական մթնոլորտի իրենց գնահատումները, անդրադարձած են վերջին շրջանին կատարուած Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններուն, նիկոլ Փաշինեանի կողմէն երկրի մէջ սարսափի մթնոլորտի ձևաւորման եւ նողկալի սպառնալիքին, ընդդիմադիրներու նկատմամբ քրէական եւ վարչական հետապնդումներուն, խօսիլ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նկատմամբ յարձակումներու եւ այլ մարտահրաւէրներու մասին, որոնք յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու համար մտահոգիչ են:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները պատասխանած են նաեւ ԵԽԽՎ դիտորդական առաքելութեան պատուիրակութեան անդամներու հարցումներուն: