Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շեշտեց, որ Դամասկոս ունեցած այցելութիւնը Սուրիոյ եւ Լիբանանի գործակցութեան մակարդակը կը բարձրացնէ, յայտնելով, որ սուրիական կողմին հետ գործակցութեան դրական արդիւնքները շօշափելի կը դառնան յառաջիկայ օրերուն։
Նախօրօք, Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա ընդունեց վարչապետ Սալամը, ներկայութեամբ երկու երկիրներու նախարարական պատուիրակութիւններուն։
Կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներու յարաբերութեան ամրապնդման միջոցներուն եւ առեւտրատնտեսական գործակցութեան զարգացման շուրջ։
Սալամ աւելցուց, որ երկու կողմերը աշխատանք կը տանին Սուրիոյ հետ գործակցութեան բարձրագոյն խորհուրդ հիմնելու, որուն առաջին ժողովը կը նախատեսուի գումարել յառաջիկայ Յունիս ամսուան ընթացքին։
Ան շեշտեց. «Սուրիոյ հետ տարակարծութիւններու էջը փակեցինք։ Ներկայիս կ’ուղղուինք յարաբերութեան ամրապնդման փուլ»։
Յիշենք, որր Սուրիա-Լիբանանեան յարաբերութիւնը կը թեւակոխէ գործակցութեան եւ վերամշակման նոր փուլ, որուն նպատակն է եղբայրական յարաբերութեան ընթացքը բարելաւել, երկու երկիրներու գերիշխանութիւնը փոխադարձաբար յարգել եւ այլազան որոլտներու մէջ գործակցութիւնը զարգացնել։