Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի բաժանմունքի տնօրէն Քլեմենս Հախ հաստատեց, որ «Սուրիա-Գերմանիա տնտեսական գործակցութեան հեռանկարները» խորագրեալ համաժողովը մեծ յաջողութիւն արձանագրած է։ Այս հանդիպումը տեղի ունեցաւ որպէս շարունակութիւն նախագահ Ահմետ աշ-Շարաաի Պերլին կատարած այցելութեան։
Հախ «ՍԱՆԱ»-ին տուած իր յայտարարութեան մէջ նշեց, որ տնտեսութեան նախարար Նիտալ աշ-Շաար եւ Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչ Ապտուլ Քատեր Հասրիէ ներկայացուցին համոզիչ տուեալներ Սուրիոյ տնտեսական զարգացման վերաբերեալ՝ շեշտելով երկրին դերը որպէս կամուրջ արաբական աշխարհի եւ Եւրոպայի միջեւ։ Անոնք գերմանական ընկերութիւններուն ծանօթացուցին Սուրիոյ կառավարութեան ջանքերը, որոնք կը միտին դիւրացնել ներդրումներն ու առեւտուրը։

Գերմանացի պաշտօնատարը աւելցուց, որ թէեւ դժուարութիւնները տակաւին առկայ են՝ յատկապէս դրամական մարզին մէջ, սակայն կառավարիչ Հասրիէի այցելութիւնը Ֆրանքֆորթի Գերմանիոյ Դաշնային Դրամատուն այս առումով «չափազանց կարեւոր» էր։

Հախ շեշտեց, որ սուրիա-գերմանական առեւտրական յարաբերութիւնները մեծ ներուժ ունին, եւ այս համաժողովը յստակօրէն փաստեց, որ գերմանական տնտեսութիւնը «կը բացուի դէպի Սուրիա»։

Աւելցնենք, որ Չորեքշաբթի օր Պերլինի մէջ սկսած համաժողովին ներկայ էին նախարար Նիտալ ալ-Շաար, կառավարիչ Ապտուլ Քատեր Հասրիէ եւ Պերլինի մօտ Սուրիոյ դեսպանութեան գործակատար Մուհամետ Պարաա Շիւքրի։ Հանդիպման նպատակն էր քննարկել տնտեսական ու առեւտրական գործակցութեան կարելիութիւնները եւ զարգացման հեռանկարները։