Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան Ընդհանուր Դատախազ՝ դատաւոր խորհրդական Հասսան աթ-Թուրպէի, պաշտօնապէս ստանձնեց Հասիչէ քաղաքի Արդարադատութեան պալատը եւ Ղուէյրան թաղամասի կեդրոնական բանտը։ Այս քայլը կը միտի վերակենդանացնել դատական համակարգի գործունէութիւնը տուեալ շրջանին մէջ։
Պատուիրակութիւնը տեղւոյն վրայ քննեց բանտարկեալներու կացութիւնը։ Այս այցելութիւնը նախաքայլն է Արդարադատութեան Նախարարութեան Ընդհանուր Դատախազութեան կից իրաւաբանական գրասենեակի մը հիմնադրման, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ հետապնդել ու կարգաւորել կալանաւորներու իրաւական հարցերը։