Հալէպահայ հանդիսատեսը ամէն տարի հետաքրքրութեամբ կը սպասէ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբի համերգներուն՝ վայելելու քառաձայն երգեցողութեան հմայքը եւ ունկնդրելու տարբեր երգահաններու հոգեպարար ստեղծագործութիւններ։

Ամէն տարի խումբը հանդէս կու գայ նոր յայտագրով, երբեմն անակնկալներով։ Այս տարուան ողջունելի անակնկալը երիտասարդ քանի մը մենակատարներու հանդէս գալն էր, որուն համար յատուկ ճիգ թափած էր խմբավարը՝ նորեր պատրաստելու եւ նոր գոյն բերելու «Զուարթնոց»-ին։

Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախմբային միաւորի վարչութեան, Շաբաթ 18 եւ Կիրակի 19 Ապրիլին հանդէս կու գայ երգչախումբը, խմբավարութեամբ մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Լիզէթ Սէրայտարեան-Աւընեանի։

Օրուան բեմավար Արինա Պօշկէզէնեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ, ապա ելոյթի ընթացքին մերթ ընդ մերթ կատարած մէջբերումներով, իւրաքանչիւր երաժշտական ստեղծագործութեան ու երաժիշտին մասին մանրամասնութիւններ յայտնելով, լուսաբանեց հանդիսատեսը։

Երգչախումբի հայկական եւ օտար երգերը կը հրամցուին երկու բաժինով։ Առաջին բաժինը կ՚ընդգրկէ․
1- «Ե՛լ, Ե՛լ»
2- «Գարուն Ա», երժշտ. Կոմիտասի
3- «Անձրեւն Եկաւ, Շողեր Ջան»
4. «Ալ Այլուղս»
Երժշտ.՝ Կոմիտասի, մեներգողներ՝ Սիլվա Թաշճեան եւ Ներսիկ Պարսումեան։
Արաբական فيروز – كيفك انت , երժշտ․ Ռահպանիի
Մեներգող՝ Այտա Մըքս Խաչերեան
Արաբերէն եւ սպաներէն مرفوف التلال – فيروز, երաժշտ․՝ Ռահպանիի
*7- «Արարատից- Արագած», երժշտ.՝ Ռ. Մխիթարեանի
8- Ameno, երժշտ․՝ Էրիք Լեվի, Fantasy Teme Era

Բ. Բաժին
1- «Սիրելի Ուսուցիչ», երժշտ․ Ալեքսէյ Հեքիմեանի, մեներգողներ՝ Արարատ Մազլումեան եւ Ռազմիկ Մազլումեան
2- «Սարերի Հովին Մեռնեմ», մշ.՝ Թ. Ալթունեանի, մեներգողներ՝ Սօսի Թանաշեան եւ Ներսէս Իսահակեան
2- «Ոլոր-Մոլոր», երժշտ.՝ Գ. Շերամի, մեներգողներ՝ Մարինա Մաթոսեան եւ Անթոնիո Ազեան

*4- «Որտեղ Գտնեմ Քեզ», երժշտ.՝ Խ. Աւետիսեանի, մեներգողներ՝ Սերինէ Էլէյճեան եւ Բիւզանդ Պէպէճեան
*5- «Գալիս Եմ Դուռդ», երժշտ.՝ Գ. Շերամի, մեներգողներ՝ Թալին Սիմոնեան եւ Գէորգ Արոյեան
*6- «Դուն էն Հուրին Ես», երժշտ. Ս. Նովայի, մեներգողներ՝ Դուին Աքքէմեան եւ Քրիստ Դաւիթեան
7- «Հոպինա», «Նազան Իմ Եարը», մշ.՝ Թ. Ալթունեանի, մեներգող՝ Փաթիլ Քէչէճեան
*8- «Վերականգնիր, Կիլիկիա՛», երժշտ.՝ Գ. Հայկազունի

Աստղանիշ կրող երգերու մշակումը կատարած է մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեան։

Առաջին համերգը եզրափակուեցաւ Մակար Սրբ․ Աշգարեանի ոգեշնչող պատգամով։

Երգչախումբը հանդէս կու գայ նաեւ այսօր՝ Կիրակի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Գ․ Եսայեան» սրահէն ներս։

Մանրամասնութիւնները՝ «Գանձասար»-ի Ապրիլ Դ․ համարով։