Երկիր Հայաստանը՝ շատ վաղ ժամանակներէն ճանչցած է մետաղները, ինչպէս՝ ոսկին, արծաթը՝ 5000, պղինձը՝ 3500, անագը, կապարը՝ 3000, պրոնզը՝ 3200, երկաթը 1900, իսկ պողպատը 1200 թուականներուն նք.: Հայաստանի արհեստաւորները յաջորդաբար ծանօթացած են նաեւ մետաղներու ձուլման եղանակին, պատրաստած են քարէ միափեղկ, կաւէ երկփեղկանի, հողէ ու աւազէ  բազմափեղկ, կպրաձիւթով օծուած հատուածակազմ, անօրինակ եւ նախօրինակով կաղապարներ:
Պատրաստուած են՝ յարազօթներ (alloys) ու համաձուլուածքներ, ինչպէս՝ ամալգամ (semblances), օճախ ու հնոց, գործածուած են փքոցներ եւ հալոց: Հաստատուած են վաճառականական աշխոյժ կապեր՝ Եփրատի ափերուն տարածուող Մարիի թագաւորութեան  (2900 – 1760 նք.) հետ, մասնաւորաբար մետաղներու, ինչպէս՝ արծաթի եւ պղինձի ու այլազան ապրանքներու առնչուած: Հայ վաճառականները պղինձը կ’արտածէին  որպէս նախամշակուած նախանիւթ, յատուկ կաղապարուած տեսքով։   Հազուագիւտ օրինակներ կը տեսնենք Լաթաքիոյ թանգարանին մէջ:
Հայաստանի մէջ ձուլագործութիւնը եղած է տեւաբար զարգացող արհեստ մը: Այնտեղ կը հանդիպինք անհետացող մոմի ճարտարութեամբ ձուլուած նախօրինակներու (2500 – 2000 նք.), որոնց դիտարժան օրինակներն  են Հայաստանի Պետական թանգարանին մէջ ցուցադրուած նմոյշները: Մինչ միջազգային պատմութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ՝ ձուլագործութեան անհետացող մոմի եղանակը ծնունդ առած է Չինաստան (2000 նք.):
 Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի  երկաթի ձուլման, բոլորիս ծանօթ է, որ երկաթը հալելու համար բարձր ջերմաստիճան կը պահանջէ։ Միջազգային քաղաքակրթութիւնը կրցաւ հասնիլ բարձր ջերմաստիճանի ու հալեցնել երկաթը միայն 18-րդ դարէն ետք, շնորհիւ՝ օդաքարշ հնոցին (blast furnace): Սակայն պատմութիւնը կը յուշէ, որ Խուրիները կրցած են պատրաստել զօրաւոր փքոցներ, արջերու եւ արջապանի օգնութեամբ, զանոնք ու տաքցուած երկաթի հնոցները գործածելով ստացած են փարտոցի (sponge) ձեւով երկաթի կտորներ ու կռանի հարուածներով կազմած  են պահանջուած երկաթեայ իրերը։ Այսպէս աշխատանքը շարունակուած է հայ ձուլագործին ջանքերով:
Միջազգային ձուլագործութեան պատմութեան մէջ, ձուլագործութեան կարեւոր փուլերէն մէկը կը կազմէ զանգակի ձուլուածքը, որուն արմատները կը վերաբերին չինական ձուլագործութեան: Առաջին զանգակները ձուլուած են Չինաստան (3000 նք.)։ Սակայն զանգակներու բազմագործածութեան պատճառով, արհեստը շուտով ընդհանրացած է, նոյնիսկ հայերը հին ժամանակներէ ի վեր մշակած են զանգակներ, բոժոժներ (jingles), ծնծղաներ (cymbals), զանգի լեզուակներ ու դաշնակաւոր զանգակներ (carillons) (1500 ն.ք.), սակայն զանգակը տեղ չէ ունեցած հայ երաժշտութեան ու մշակոյթին մէջ:
 Չինացիներ վաղուց արտադրած են մինչեւ 300 ք.կրամ ծանրութիւն  ունեցող զանգակներ, մինչդեռ արեւմտեան Ասիան, այսինքն՝ Միջին Արեւելքի ժողովուրդները ունեցած են աւելի փոքրիկ զանգակներ միայն:
 Միջնադարու մայրամուտին, օրուան միջազգային պահանջքը եւ յորդորը դարձան եկեղեցիներու կոչնակներու փոխարինումը զանգակներով։ Այսպէս թափ առաւ գանգակագործութիւնը Եւրոպայի մէջ, որպէս ինքնուրոյն մասնագիտութիւն:
Ձուլագործներու միջեւ մրցակցութիւն մը սկսաւ։ Ժողովուրդներ
կը մրցէին հսկայ զանգակներ պատրաստելու: Բազմացան զանգակներու մասնագիտական ձուլարանները: Տարածուեցան բազմաթիւ սերտողութիւններ զանգակագիտութեան շուրջ (չափերու, լաւագոյն նախանիւթերու, յարազօթներու ու կազմուածքի շուրջ):
Հայ ձուլագործը նոյնպէս միջամուխ եղաւ զանգեր պատրաստելու աշխատանքին:
Յիշատակելի են նոյն ժամանակաշրջաններուն պատկանող Տաթեւի վանքի զանգակները, որոնք հնագոյնն են Հայաստանի զանգակներուն մէջ: Պատրաստուած են Կապանի պղնձագործներու կողմէ 1302 – 1304 թուականներուն՝ 250- 300 ք.կրամ ծանրութեամբ, բարձրութիւնը 65 սմ., տրամագիծը 80 սմ., հաստութիւնը՝ 5 սմ., պատրաստուած իշխան Ստեփան Օրբելեանի պատուէրով: Անոնք եղած են 3 զանգեր, որոնցմէ
2-ը գտնուած է 1931-ի երկրաշարժէն քանդուած զանգակատան աշտարակին յատակը:  Այս զանգերը ոչ միայն ձուլագործական հրաշալի օրինակներ են, այլ նաեւ արուեստի անզուգական նմոյշներ՝ իրենց կողքը գտնուած քանդակներով:
Այս առիթով յիշատակելի է նաեւ, որ Ազգային Եկեղեցական Ժողովին որոշումով, 1441 թուականին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Սրբ. Էջմիածին վերադարձէն ետք, Կաթողիկոս Յակոբ Դ. Ջուղայեցիի օրով (1681 – 1691) կառուցուած է Ս. Էջմիածնի Տաճարին զանգակատունը։
Կը հաստատուի Տիբեթեան զանգակ մը, որպէս մատոյց հնդկահայ գաղութին կողմէ (Շահամիր Շահամիրեան):
Դժբախտաբար այս Տիբեթեան պատմական զանգը, այսօր գոյութիւն չունի: 1938 թուականին կաթողիկոսի վախճանումէն ետք, Խորհրդային իշխանութիւնները եկեղեցին լռեցնելու միտումով կրկնակի կը թալանեն
Ս. Էջմիածինը եւ Տիբեթեան հսկայ զանգը սայլի մը վրայ փոխադրելով կ’անհետանայ առ յաւէտ: (վկայութեամբ՝ Խրիմեան Հայրիկի ձիապան Եղիշէ Ծերունիի /Եղո Բիձա/, Էջմիածնի վանական Արքեպիսկոպոս Յուսիկ Սանթուրեանի, եւ Քոլորատոյի՝ Տենվերի համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս եւ ժառանգութեան, յանցագործութեան անկախ հետազօտող Սիմոն Մաղաքեանի արձանագրութիւնները):
    Այս առիթով յիշատակենք նաեւ Հալէպի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ զանգակատունը: Ան կառուցուած է 1912 – 1926 ժամանակամիջոցին ու օժտուած Պրազիլիոյ մէջ պատրաստուած զանգով մը, մատուցուած նախկին հալէպահայ, Պրազիլիա հաստատուած բարերար Ռըզքալլա Ճորճ Թահհանի կողմէ: Պատմականօրէն զանգակներու միջազգային շարժումին յաջորդեց թնդանօթներ ձուլելու մարտահրաւէրը:
Ժողովուրդներ կը փորձէին զարգացնել ու պատրաստել թնդանօթներ: Մինչդեռ հայ ձուլագործը զբաղուած էր՝ մետաղներու յարազօթներ որոնելով։ 1618 թուականին, Աւետիս Զիլճեան, քիմիագէտ, ձուլագործ, Սամաթիոյ բնակիչ, կը յայտնագործէ պրոնզի յարազօթ մը (պղինձ, անագ, արծաթ), որ կ’ունենայ արտակարգ հնչողութիւն։ Ան նոյն յարազօթով կը պատրաստէ Օսմանեան բանակի (ենիչերիներու) նուագախումբին ծնծղաները: 1623-ին Օսմանեան սուլթանը (Osman II) ճանչնալով Աւետիսի յայտնագործութիւնը, կը պարգեւատրէ զայն ու Zildjian ընտանիքը կը հռչակէ հիմնադիր՝ Oսմանեան ծնծղագործութեան: 19-rd դարուն Եոհան Շթրաուս պատուիրելով Zildjian ծնծղաներէն ըսած է՝ «Զիլճեան ծնծղաներու երեւան գալով, ամբողջացուցի նուագախումբիս հարուածային գործիքներու ակնյայտ պակասը»: Այսօր «Zildjian cymbal co.» (+ 400) տարեկան է միացեալ նահանգներ, արտադրած է մինչ օրս հիանալի ծնծղաներ ինչպէս՝ «sizzle, ride, splash, HiHat, paper thin crash…» ու կը շարունակէ երթը:
Այսօր հալէպահայ ձուլագործը տակաւին կը շարունակէ իր պապենական արհեստը, կուրծք կու տայ օրուան մարտահրաւէրներուն, մինչ միջազգային ձուլագործութիւնը կը ճախրէ մետաղագիտութեան խոր ծալքերը՝ իրագործելով անհնարինը: Հայ ձուլագործը Սուրիա ներմուծած է պղինձի եւ մանաւորաբար 20-րդ դարու սկիզբը Հալէպ, երկաթի ու պողպատի ձուլագործութիւնը:
20-րդ դարու վերջին քսան տարիներուն կը հիմնէ պողպատի ելեկտրական նորոյթ ձուլարաններ (Թիւֆէնկճեան եղբ., Զոհրապ Գասարճեան): Կը ձուլէ անտիպ կտորներ՝ աղօրիքի երկանաքարեր, քարի ճամլոցներու ներքնակ ու վերնակ…   ու այլազան անտիպ օրինակներ, ինչպէս՝ լուսանկարներուն մէջ կ’երեւին։
Ճրտգ. Կարպիս Մինասեան