Եւրոպական Միութեան հետ վիզաներու ազատականացման բանակցութիւններու մեկնարկէն մէկուկէս տարի ետք, Հայաստան
կը յայտարարէ, որ գործընթացը աւարտելու համար երկուքէն երեք տարիներ եւս պէտք է տրամադրել: Ընդ որում, այս ժամանակահատուածը կը վերաբերի Երեւանի ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման, իսկ անկէ ետք տակաւին Եւրոպական Միութիւնը պէտք է գնահատէ կատարուած աշխատանքը:
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան 23 Մարտին, խորհրդարանին մէջ լաւատեսութեամբ խօսեցաւ, ըսելով որ հայաստանցիները վերջապէս պիտի ազատին վիզաներու սպասումներէն եւ թղթաբանութիւններէն:
«Իրատեսօրէն երկու-երեք տարուան մասին է խօսքը, կ’աշխատի այդ ուղղութեամբ, այն ուժաբանութիւնը, որ ունինք, բաւական յոյս կը ներշնչէ», ըսաւ Կոստանեան:
Քանի մը օր առաջ, ներքին գործոց նախարար եւ ազատականացման հարցով Երեւանի գլխաւոր բանակցող Արփինէ Սարգսեան յայտնեց, թէ ինք համոզուած է, որ երկու-երեք տարիները միանգամայն իրատեսական ժամկէտ են: Ան վկայակոչեց նաեւ վերջերս Հայաստան այցելած Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ գաղթականութեան երկու յանձնակատարները:
«Գործընկերներս երկուքն ալ փաստեցին, որ շատ իրատեսական է վիզաների ազատականացումը Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Ես՝ որպէս նախարարութեան կողմէ գործընթացի համակարգող, գլխաւոր բանակցող, պիտի փաստեմ, որ ներգերատեսչական, այսինքն՝ ներհանրապետական կտրուածքով մենք մեր առջեւ մարտահրաւէր դրած ենք՝ որ երկու տարուան ընթացքին պիտի աւարտենք բոլոր անհրաժեշտ քայլերը: Շատ իրատեսական է, որովհետեւ ասիկա շատ ներդաշնակ է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան բարեկարգութիւն օրակարգին», աւելցուց Սարգսեան։
Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Գէորգեան թերահաւատութեամբ խօսեցաւ պաշտօնատարներուն ակնարկած երկու-երեք տարիներուն մասին:
«Բոլորը այս պահի դրութեամբ գայթակղած կը սպասենք, որ հիմա, հայ-հայ վիզաները պիտի վերանան, եւ մենք պիտի երթանք, եւ ոչ մէկը հասարակութեան յստակ չ’ըսեր, թէ այդ պահը երբ պիտի գայ: Այնուամենայնիւ, հիմա մենք կ’արձանագրենք, որ առնուազն երկու-երեք տարի դեռ պիտի բանակցինք», յայտնեց Գէորգեան, որ յիշեցուց, թէ մինչ Երեւան բանակցութիւն կը վարէ վիզաներէ հրաժարելու շուրջ՝ նոյն Եւրոպական Միութիւնը որեւէ ձեւով գործող կարգը չի դիւրացներ։