ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ երկրի պաշտպանական արդիւնաբերութիւնը կրկնապատկած է իր գործունէութիւնը՝ Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւններու լոյսին տակ ամերիկեան բանակի մատակարարումները ապահովելու համար։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոստի»-ն։
«Պաշտպանական ընկերութիւնները այժմ անհաւանական յառաջընթաց կը գրանցեն՝ արտադրելով մեր բանակի համար անհրաժեշտ ամէն բան։ Անոնք կ’աշխատին արտակարգ դրութեամբ, մենք արագ կը գործենք», ըսած է ԱՄՆ նախագահը։