Երեքշաբթի, 24 Փետրուարին, Հոմսի եւ տեղւոյն նահանգապետարանի լրատուամիջոցներու աշխատակիցներուն հետ զրոյցի ընթացքին, Սուրիոյ տեղեկատւութեան նախարար Համզա ալ-Մուսթաֆա ընդգծեց լրատուամիջոցներու աշխատանքին մէջ տեղական գոյնի եւ Սուրիոյ ժողովուրդի միասնութեան խթանումը արտայայտող ազգային գիծի ամրապնդման կարեւորութիւնը՝ հակազդելու ապատեղեկատուական եւ հարցեր հրահրող լրատուամիջոցներուն:

Նիստին քննարկուեցան նաեւ Հոմս նահանգի լրատուական դաշտի կարիքներուն եւ ներկայ մարտահրաւէրներուն առնչուող հարցեր։ Նախարարը շեշտեց, որ Հոմսը Սուրիոյ յեղափոխութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցաւ, ուստի այդ դերակատարութեան համապատասխան լրատուական որակ պէտք է ձեռք բերէ՝ արտացոլելու երկրի եւ ժողովուրդի իսկական կեանքն ու արձանագրուող զարգացումները։