Ի՞նչ է երջանկութեան գաղտնիքը…
Ինչպէ՞ս կրնանք երջանիկ կեանք ունենալ։
Ինչպէ՞ս կրնանք երջանկացնել մեր շրջապատը։
Ահա այս հարցումներուն կը փորձէ պատասխանել այս յօդուածը բժիշկի իմ դիտանկիւնէն։
Երջանկութիւնը հեռուն մի՛ փնտռէք, երբ ան դիւրաւ կը գտնէք ձեր մօտ։ Ճշմարիտ է միայն այն երջանկութիւնը, զոր կը բաժնեկցինք այլոց հետ։ Երբ լոյսի շողեր կը սփռենք ուրիշներու կեանքի ճանապարհին, մեր կեանքն ալ կը լուսաւորուի։
Յաճախ երբ տխուր ենք, կը մտածենք թէ ի՛նչ կորսնցուցինք կամ ի՛նչ չունինք, մինչդեռ եթէ մեր մէջ զարգացնենք Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու սովորութիւնը, մեր ունեցածին համար մենք մեզ աւելի երջանիկ կը զգանք։ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու լաւագոյն միջոցը սէրն է, անկեղծ եւ մաքուր սէրը մեր անմիջական շրջապատին հանդէպ։
Միւս կողմէ, մարմինը առողջ պահելու համար կարեւոր է անձի հոգեկան վիճակը, անոր շրջապատին նկատմամբ ունեցած վերաբերմունքը։ Առանց հոգեկան առողջութեան գոյութիւն չունի առողջ մարմին, քանի որ մարդու ուղեղն է, որ ուղղակիօրէն կը վերհսկէ եւ կը կառավարէ մարմինին աշխատանքը։
Գիտնականներու հետազօտութեան արդիւնքները կը բացայայտեն, թէ ինչպէ՛ս կարելի է մարդուն մօտ ստեղծել դրական տրամադրութիւն, երբ ան կը գտնուի տխուր, բացասական, լարուած եւ գերճնշուած իրավիճակի մէջ։
Մարմինի բնականոն գործունէութիւնը կը կարգաւորուի հորմոններու աշխատանքով։ Անոնք ալ իրենց կարգին կախեալ են մարդու ջղային համակարգէն։ Ահա թէ ինչո՛ւ այսքան կարեւորութիւն կը տրուի զգացումներուն։
Երջանկութեան հորմոններն են՝ Dopamin-ը, Oxidocin-ը, Serotonin-ը եւ Indorphin-ը։
Երբ այս հորմոններու մակարդակը բարձրանայ, մարդ գոհ կ՚ըլլայ, ամէն բան իրեն համար բաւարար եւ գոհացուցիչ կը թուի, սակայն երբ անոնց մակարդակը իջնէ, մարդ կը կարծէ, որ հարցեր ունի եւ պէտք է անպայման ինչ որ բանի ձեռնարկէ։
Արդեօ՞ք մարդ կարողութիւն ունի կառավարելու երջանկութեան հորմոնները՝ ստեղծելու համար դրական տրամադրութիւն։
Եկէք համառօտ քննարկենք, թէ ի՛նչն է որ կը նպաստէ երջանկութեան հորմոններու արտադրման։
Քանատայի մէջ գիտնականներ փորձ մը ըրած էին՝ ծերանոց մը որբանոցի միացնելով։ Այսպիսով ծեր մարդիկ շրջապատուած էին թոռներով, իսկ որբ երեխաները առաջին անգամ ըլլալով զգացած էին, թէ ինչ է ծնողական սէրն ու հոգատարութիւնը։ Բժիշկները ծերերուն մօտ նկատեցին կեանքով լի աչքեր, որոնք մինչ մանուկներուն յայտնուիլը մոմիայի տեսք ունէին, իսկ մանուկները ձերբազատած գտան լարուածութենէ, վախերէ, տխրութենէ եւ անինքնավստահութենէ, դարձած սովորական, աղմկոտ եւ չարաճճի մանուկներ՝ զգալով հարազատ տան ջերմութիւնը։ Բոլորին համար ապրիլը դարձած էր դիւրին ու կեանքը շահած էր փայլք եւ իմաստ։ Արդիւնքը գերազանցած էր բոլոր ակնկալութիւնները։
Հորմոնները մարմինի քիմիական սուրհանդակներն են։ Անոնք արեան մէջ անցնելով կ՚ազդեն բազմաթիւ գործընթացներու վրայ, որոնց մէջն է նաեւ տրամադրութիւնը։
Մեր մտերիմներուն հետ լաւ յարաբերութիւնները, հարազատ եւ հաւատարիմ ընկերները, ծնողքի սէրն ու գուրգուրանքը եւ փոխադարձաբար զաւակներու հոգատարութիւնը իրենց ծնողներուն կրնան ուժի հզօր աղբիւր դառնալ։
Ներկայիս մեր շուրջբոլորը այնքան վատ բաներ կան, որ հնարքներ պէտք է որոնել դուրս ելլելու բացասական մթնոլորտներէ։
Ֆիզիքական վարժութիւնները, նոր վայրեր այցելելը, հետաքրքրական ձեռնարկները եւ այն ամէնը ինչ որ կրնայ ժպիտ յառաջացնել՝ երաժշտութիւնը, ուսուցումը, մաքուր օդ շնչելը, քալելը՝ յատկապէս արեւոտ եղանակին, տուրմը եւ առողջ սնունդը, այս բոլորը կը բարձրացնեն երջանկութեան հորմոններու քանակը արեան մէջ, սակայն հիմնականը դրական ուժ սփռող մարդոց մօտ գտնուիլն է։ Այսպիսիներէն յաւելեալ ուժ կը ստանանք եւ իրենց մօտ ամէն դժուար խնդիր լուծում կ՚ունենայ։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն