1945 թուականին Հալէպի մէջ լոյս տեսնող «Դէպի Երկիր» հանդէսին Գ. պրակին մէջ (Հոկտեմբեր) կը կարդանք երգիծական յօդուած մը, նոյն այս խորագրով, որ հակառակ երգիծական ըլլալուն, կը ներկայացնէ Հալէպի հայահոծ Նոր Գիւղ շրջանը, իր առաջին օրերուն մէջ:
Հեղինակը կ’երեւի միայն անունով՝ Նուպար: Ծածկանուններու բառարանին մէջ կարելի չեղաւ գտնել այս անունին տէրը, եթէ ծածկանուն է ատիկա: Իր գրութեան մանրամասնութիւններէն սակայն կրնանք հետեւցնել, թէ Նոր Գիւղի բնակիչ եղած ըլլալու է ան:
Յապաւումներով կը ներկայացնենք այս յօդուածը:
«ԱՆՈՒՆ- Հալէպէն 3 քմ.  հիւսիս կը գտնուի «Ճէպէլ Րազլէ» ամայի հողամասը, ուր այժմ կառուցուած է Նոր Գիւղ, կամ Եէնի Քէօյ, կամ Կէօյ Մէյտան եւ կամ միայն Մէյտան զուտ հայկական ովասիսը: Ինծի անծանօթ պատճառներով զայն կոչած են նաեւ «Հայաստան»:
ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ – Կարելի չէ ճշգրիտ թիւը որոշել բնակչութեան: Հարսնիքի, կռիւի, երեսփոխանական ընտրութիւններու ժամանակ բնակչութեան թիւը կը բարձրանայ մինչեւ 10.000-ի. իսկ հանգա-նակութեան մը առթիւ մինչեւ 1000-ի կ’իջնէ այդ թիւը: Եթէ նկատի ունենանք հայհոյանքները, թիւը
կը բարձրանայ երկրաչափական յառաջատւութեամբ մինչեւ 30.000-ի, եթէ նկատի ունենանք հայերէն խօսողները, այդ թիւը կ’իջնէ… 100-ի: Ահա որքա՜ն դժուար է հասկնալ Նոր Գիւղի մարդոց թիւը:
ՏԵՂԵԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ – Նոր Գիւղը բաժնուած է հինգ թաղերու. իւրաքանչիւր թաղ ունի իր «մուխթար»ը, որ ընտրուած կ’ըլլայ եղեր իր թաղէն. մինչդեռ ժողո-վուրդը ինք ընտրուած է «մուխ-թար»ներուն կողմէ:
Նոր Գիւղի ջուրը շատ առատ է… հողին տակ: Չմշկապարը լաւ շահ կրնայ ապահովել ձմեռ ատեն: Կրնաս նոյնիսկ մէկ փողոցէն միւսը սահիլ – առանց անիւի – ցեխին վրայէն. եթէ չիյնաս… կրնաս հպարտանալ: Ամառ ատեն տաքուկ զեփիւռ մը փողոցի փոշիները կը մաքրէ եւ տունդ կը լեցնէ: Տանտիրուհին ալ իր տունը
կը մաքրէ եւ «թէնէքէ»ներով հաւաքուած փոշին փողոց կը թափէ:
Նոր Գիւղի մէջ կը գտնուի լիճ մը, որուն «Կէօլ» կ’ըսեն հայերէն լեզուով: Ջուրը առատ է, ձկնորսութիւնը՝ շահաբեր: Նաւարկութեան ամէն կարելի յարմարութիւնները ունի: Միակ չնչին թերութիւնը անջուր ըլլալն է:
ՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ – Նոր Գիւղի նշանաւոր հնութիւններն են Նոր Գիւղի օթօները:
ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՎԱՅՐԵՐ –
1- Մայրանոց մը, ուր արգիլուած է օտարահպատակ մայրերու մուտքը:
2- Ծերանոց-անկելանոց մը, ուր չեն ընդունուիր 20-30 տարիքը ունեցող ծերերը:
3- Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ. միշտ ծխախոտ կը հոտի այս եկեղեցին, թէեւ ոչ ոք կը ծխէ: Եկեղեցին այնքան պզտիկ է, որ հոն մտնողները իրենց մէկ, կամ երկու թոքերուն կէսը գործածելու են, մաքուր օդը չվերջացնելու համար:
4- Ս. Գէորգ. Աստուծոյ եւ բնութեան դէմ կը գործեն բոլոր այն մարդիկը, որոնք ձմեռը տաքնալ կ’ուզեն, իսկ ամառը՝ զովանալ: Ձմեռը ստեղծուեր է մսելու, ամառը՝ տաքնալու: Ապացոյց՝ Ս. Գէորգ եկեղեցին:
Կան նաեւ այցելութեան ուրիշ վայրեր, որոնց մասին ուրիշ առթիւ պիտի խօսինք:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
ԱՐՈՒԵՍՏ, ԱՐՀԵՍՏ – Արուեստը, մեր գիտցած ըմբռնումով, գոյութիւն չունի առանձինն: Հարսնիքներն են որ կու տան մեզի հաճոյքը արուեստին: Իբր քլասիք երաժշտութիւն ունինք… ֆօնօ, րատիօ:
Ճարտարապետութեան համար կարելի է ըսել, թէ շէնք մը այնքան աւելի արժէք ունի, որքան շինուած է շուտ եւ աժան:
Տուները այնքան ցած են, որ ձմեռ ատեն շուքդ արգելք կ’ըլլայ արեւուն տան մէջ մտնելուն:
Արհեստներուն մէջ առաջին տեղը կը գրաւեն գորգագործութիւնն ու ջուլհակութիւնը: Իւրաքանչիւր փողոցի մէջ մի քանի տուն այդ արհեստներով կը զբաղին:
Միւս գլխաւոր զբաղումներն են «պախալ»ութիւնը, «սրճարանապետ»ութիւնը, «մսագործ»ութիւնը, «խանութպան»ութիւնը եւ… «անգործ»ութիւնը:
Գրավաճառի խանութ կայ, բայց ոչ ոք գիտէ թէ ո՞ւր է: Եթէ մէկը յիմարութիւն գործէ գրավաճառի խանութ բանալու, իր առաջին խելացի գործը կ’ըլլայ խանութը … գոցել:
ՆԵՐՔԻՆ ԿԵԱՆՔ – Ներքին կեանքի սովորութիւնները շատ տարբեր են:  Ոմանք կը պահեն իրենց հին, նահապետական կեանքը:  Ուրիշներ կրած են քաղաքակրթութեան դրոշմը եւ բարեկարգած իրենց կեանքը: Մենք եւրոպական քաղաքակրթութենէն ընդօրինակած ենք ինչ որ  արտաքին է՝ հագուստ, կերակուր, արդուզարդ, քալուածք – բայց երբեք չենք աշխատած քաղաքակրթել մեր ներքինը:
Կիները շատ աշխատասէր են: Գիշերները դրան առջեւ կը նստին կուտ կ’ուտեն, եւ ցերեկները աւելով կը մաքրեն: Երբեք պարապ չեն նստիր: Եթէ ձեռքերնին անգործ մնայ, բերաննին կ’աշխատի: Կիները երբեք աղմուկ չեն հաներ… անկռիւ:
ՀԱԳՈՒՍՏ-ԿԱՊՈՒՍՏ – Մօտաներու խառնուրդ մըն է հոս: Կրնաս հանդիպիլ «շալվար» հագած եւ «սիլենտր» դրած մարդոց: Ոտքը բոպիկ եւ շրթունքը ներկի մէջ թաթխած օրիորդներու: «Բաբիյոն» քրավաթով եւ հողաթափով երիտասարդներու: Այս տարի մոտա է նաեւ ճամբան ուտելով պտըտիլը:
ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ – Ամէն օր հարսնիք կայ: Եթէ հարսնիք չկայ, նուագ կայ. եթէ նուագ չկայ, կռիւ կայ. իսկ եթէ կռիւ չկայ, աղմուկ կայ:
Գաղտնիք ըսուածը գոյութիւն չունի: Եթէ մէկը դրացիիդ տունը գայ,  գաղտնի պատմութիւն մը պատմելու համար, 2-3 թաղ հեռուն կեցած կրնաս այդ գաղտնի խօսակցութիւնը մտիկ ընել: Եթէ մէկը դուռդ զարնէ, թաղին բոլոր պատուհանները կը բացուին եւ գլուխները դուրս կ’ելլեն, պատասխանելու համար այցելուիդ, թէ դուն… տունն ես:
Ճաշի համար որոշ ժամ գոյութիւն չունի: Առտուընէ գիշեր կ’ուտեն:
Աշնան, խաղողի ժամանակ, ամէն տան ճակատ զարդարուած կ’ըլլայ խաղողի հիւթով ծեփուած պաստառներով:
Կարգ մը փողոցներէն անցած ատեն ստիպուած ես գլուխդ ծռել, ոչ թէ խոնարհութիւն կատարելու, այլ անցնիլը անկարելի ըլլալուն համար. փողոցին մէկ ծայրէն միւսը երկարած պարաններու վրայ փռուած կ’ըլլան լուացուած ճերմակեղէններ: Կրնաս հասկնալ թէ այսինչ մարդը ի՞նչ գոյն վարտիք կը գործածէ, կամ այս տան օրիորդին գործածած գուլպան «Օրօզտիպաքէ»էն գնուած է թէ ոչ:
Օղի խմելը սովորութիւն չէ, այլ բնազդ:
ԸՆԿԵՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ – Ընկերական կեանքը շատ բարդ է: Իրերօգնութիւնը նոր գիւղացիին մէկ գովելի յատկութիւնն է: Ժողովուրդը կ’օգնէ իր «պախխալ»ին, սրճարանապետին, անոր դրամ տալով: Անոնք ալ ժողովուրդին կ’օգնեն պտուղ, օղի տալով:
Նոր գիւղացին զբօսասէր է: Շատ կը սիրէ սրճարան երթալ, կամ ճամբուն մէջ նստած ուտել-խմելը:
Տուներուն մէջ կը գտնուին «թավլու», թուղթ, ճատրակ:
Առանց օղիի զբօսանքը… հեռու Նոր Գիւղէն:
ԿՐԹԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ – Նոր Գիւղի վարժարանները աշակերտներուն կու տան միայն ուսում, դաստիարակութիւնը ձգելով ծնողքին: Ծնողները իրենց զաւակներուն կու տան… ծեծ, դաստիարակութիւնը ձգելով… փողոցին:
Դպրոցները երկսեռ են: Շատ հոգ կը տարուի իգական սեռի դաստիարակութեան: Աղջիկները տղոց հաւասար ուսում կը ստանան եւ անոնց հաւասար արժէք ունին… կռիւի մէջ: Իգական սեռը ազատամիտ է, կը զբաղի նաեւ խանութպանութեամբ, օշարակ ծախելով:
Կը գտնուին բանաստեղծներ, գրագէտներ, համալսարանականներ, գոլէճականներ, ուսուցիչներ, հոգաբարձուներ, զինուորականներ եւ… խենթեր:
Իր կրթական բարգաւաճ կեանքին պատճառով է որ նոր գիւղացին ունի 5 վարժարան, 2 եկեղեցի, 3 բաղնիք, 8 սրճարան, 5 գինետուն, 82 «պախխալ»ի խանութ, 25 մսագործ եւ 561 հատ ջուլհականոց: Եթէ նոր գիւղացին ամէն բանի մէջ իրարմէ բաժնուած է, համերաշխ միութիւն մը կը կազմէ իր գործածած լեզուին մէջ:
ԻԲՐ ՎԵՐՋԱԲԱՆ – Նոր Գիւղի յարաբերութիւնները աշխարհի հետ.
Ամերիկայէն մեծ թիւով նոր ինքնաշարժներ կը ղրկուին Սուրիա: Բազմաթիւ տարիներ անցնելէ ետք այդ ինքնաշարժները կը հիննան եւ
կը դառնան անարժէք: Ուրիշ նորեր կու գան: Նախկինները կ’արտածուին դէպի… Նոր Գիւղ, ծառայելու համար ժողովուրդին հանգստաւէտ փոխադրութեանը»:
Կը ներկայացնէ Մարուշ Երամեան