Երեքշաբթի, 17 Փետրուարին, Սուրիոյ Ներդրումային Վարչութեան ատենապետ Թալալ ալ-Հիլալի Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամի պատուիրակութեան հետ քննարկեց տարիներու ընդմիջումէ ետք, կողմերուն միջեւ գործակցութեան վերսկսման ու բարելաւման միջոցները, ինչ որ Սուրիոյ տնտեսական բարեփոխումներու եւ միջազգային ելեւմական հաստատութիւններու հետ նոր որակի գործակցութեան ռազմավարութեան մէկ կարեւոր ուղղութիւնը կ՚արտացոլէ։
Վարչութիւնը պարզեց, որ Դամասկոսի իր գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին քննարկուած է Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամի պատուիրակութիւններու Սուրիա պարբերական այցելութիւններ տալու կարեւորութիւնը, ինչ որ կրնայ նպաստել Սուրիոյ ելեւմտային եւ դրամավարկային արդիական քաղաքականութեան մշակման, ինչպէս նաեւ հիմնադրամի թեքնիքական ծրագրերէն առաւելագոյն օգուտը քաղելու, յատկապէս՝ պետական ելեւմուտքի կառավարման եւ վիճակագրական համակարգերու մշակման առումներով։
Հանդիպումին, կողմերը ընդգծեցին նաեւ 2025-ի ներդրումային օրէնքի կիրարկման մէջ Ներդրումային վարչութեան էական դերը՝ նպաստելու որակեալ ներդրումներու ներգրաւումին, ընթացակարգերու պարզեցումին, տնտեսական միջավայրի բարելաւումին, ինչպէս նաեւ ազգային տնտեսութեան նկատմամբ վստահութեան վերականգնումին։