Չորեքշաբթի, 11 Փետրուարին Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յարկին տակ տեղի ունեցաւ Համաշխարհային դրամատան ներկայացուցիչներու հետ ծանօթացման նիստ՝ նշեալ դրամատան եւ Սուրիոյ կառաարութեան միջեւ աշխատանքային հեռանկարները համակարգելու եւ նախատեսուած գործակցութեան առաջնահերթութիւնները ճշդելու համար։
Նիստին կը մասնակցէին Արտաքին Գործոց Նախարարութեան միջազգային գործակցութեան վարչութեան տնօրէն Քութայպա Քատիշ, ելեւմտից նախարար Մուհամմետ Եասէր Պարնիէ, Սուրիոյ Կեդրոնական դրամատան տնօրէն Ապտուլ Քատէր ալ-Հուսրիէ, սուրիական կարգ մը նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Համաշխարհային դրամատան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Միջին Արեւելքի վարչութեան տնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Քարիէի։