Աւելի քան տարի մը տեւած դատավարական խեղկատակութեան հետեւանքով, Պաքուի ռազմական դատարանը հրապարակեց Արցախի ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարներուն եւ մնացեալ հայ բանտարկալներուն դէմ շինծու մեղադրանքներու գործով «դատավճիռներ»։
Դռնփակ, կեղծ «դատավարութեամբ» կանխորոշուած վճիռներով Ատրպէյճան կրկին հաստատեց, որ հակառակ խաղաղութեան մասին խօսոյթին եւ ձեւական քայլերուն, ՀՀ գործող իշխանութիւններուն մեղսակցութեամբ, կը շարունակէ իր հակահայ քաղաքականութիւնն ու վարքագիծը։
Ի սկզբանէ ակնյայտ էր, որ Պաքուի այս «դատավարութեան» նպատակն է թիրախաւորել ու վարկաբեկել Արցախի ու Հայաստանի Հանրապետութիւնները, արցախահայութեան ինքնորոշման պայքարը եւ այդ պայքարի առաջնորդները։
Յատկանշական է, որ Հայաստանի ու հայերու դէմ կայացված «դատավճիռներու» նախօրէին Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը Ապու Տապիի մէջ խաղաղության մրցանակ կը ստանան։ Ահա թէ ինչպիսին է եւ ինչի մասին «խաղաղութեան գործընթացը»։
Պաքուի ռազմական դատարանի կողմէն դատապարտուած գերեվարուած հայերը իրականութեան մէջ փաստացի պատանդներ են Ատրպէյճանի ձեռքը։ Առանց այդ պատանդներուն անյապաղ եւ առանց նախապայմանի ազատ արձակման, Հայաստանի, Արցախի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման մասին խօսիլը ծաղրանք է, անկախ անկէ, թէ որոնք են այդ խօսոյթի հեղինակները։
Մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը՝ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ բոլոր գերիներու ազատ արձակումը ապահովելու համար։ Կոչ կ’ուղղենք մեր տարածաշրջանի մէջ իսկական խաղաղութեան ջատագով ուժերուն, առհասարակ մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան համար աշխատող միջազգային բոլոր կառոյցներուն՝ հետամուտ ըլլալու եւ աջակցելու հայ գերիներու ազատ արձակումին համար։
Արցախի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ իսկական խաղաղութեան մասին կարելի է խօսիլ միայն արցախցիներու անհատական ու հաւաքական բոլոր իրաւունքները, ներառեալ պատանդներու հայրենիք վերադարձը ապահովելու ճանապարհով։
Ատիկա կ’ենթադրէ բոլոր առումներով իսկապէս ուժեղ հայրենի պետութիւն եւ ազգային նպատակներու շուրջ համազգային համախմբում։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը յանձնառու է եւ պիտի շարունակէ այդ նպատակին միտուած կազմակերպուած ու նպատակասլաց պայքարը։
ՀՅԴ Բիւրօ
5 Փետրուար 2026